Արցախի հանդէպ Իշխանութեանց ձեռնթափութիւնը՝ հայրենադրժութեան ապացոյց է
«Հայրենասիրութիւնը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ քեզ վրայ դրուած պարտականութիւնների բարեխղճօրէն կատարում»
Աշոտ Ղուլեան (Բեկոր)
Ազգային ժողովի Քաղաքացիական Պայմանագիր (ՔՊ) խմբակցութեան պատգամաւոր, Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեանը, Հոկտեմբեր 7-ին, Factor–tv-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Արցախի հետագայ ճակատագրին յայտնելով. «44-օրեայ պատերազմի արդիւնքում եւ հետեւանքով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն այլեւս չունի հնարաւորութիւն եւ ռեսուրս ապահովելու Արցախի ժողովրդի իրաւունքները, ազատութիւնները եւ անվտանգութիւնը»։
Իշխանութեան ղեկին կանգնած ՔՊ-ի 2021 թուականի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական ծրագրին մէջ յստակօրէն գրուած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակելու է լինել Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան երաշխաւորը եւ շարունակելու է աշխատել Արցախի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան ուղղութեամբ: Խորացնելու ենք համագործակցութիւնը Արցախի հետ անվտանգային եւ ռազմական ոլորտներում: Մենք գործոն օժանդակութիւն ենք ցուցաբերելու Արցախին՝ Պաշտպանութեան բանակի վերակառուցման ու արդիւնաւէտութեան բարձրացման գործընթացում»:
Պարզ եւ յստակ է, որ իշխանութեան տիրանալէ մէկ տարի անց, Արցախի հանդէպ իրենց յանձնառութիւններէն հրաժարելով, ՔՊ իշխանութիւնները ոչ միայն կը փաստեն, որ խոստմնադրուժ են, այլեւ՝ ամբողջ չորս տարի սուտերու, դաւերու ու խաբեբայութեանց յորձանուտին մէջ քանդած են պետականութեան հիմքերը։
Խոստումը դրժելու քաղաքական ստորնացման վերջին այս երեւոյթը ՔՊ-ի կենսագրութեան մէջ առաջինը չէ եւ ոչ ալ վերջինը, սակայն այս հանգրուանին նման վտանգաւոր յայտարարութեամբ հանդէս գալու նախաձեռնութիւնը բազմաթիւ հարցականներու դուռ կը բանայ։ Հարց կը ծագի, որ այս իշխանութիւնները յառաջիկային կարողութիւնը եւ «ռեսուրսները» ունի՞ն պաշտպանելու Սեւանի արեւելեան ափամերձ տարածքները, Ջերմուկը, Վարդենիսը, Կապանը…
Արցախահայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու իրենց անկարողութիւնը յայտարարելու նախօրեակին, արդէն իշխանամէտ մամուլին կողմէ շրջագայութեան մէջ դրուեցաւ «Հաւաստի աղբիւրներ»է քաղուած անձնատուութեան ճանապարհային նոր քարտէս մը, ընդ որում, յատկանշական է Պաքուի ներկայացուցած պահանջքներէն երկուքը՝ Արցախի պաշտպանութեան բանակի լուծարումն ու Արցախի ներառումը Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ առանց ինքնավար կարգավիճակի:
Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին, ինքնապաշտպանական ուժերու վերակազմաւորմամբ, 1992 թուականէն ի վեր գործող Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը, 30 տարիէ ի վեր ստանձնած է Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը երաշխաւորելու պարտականութիւնը եւ այդ առաքելութիւնը կատարած է պատուով ու սխրանքներով լի պատմագրութեամբ։ Պաշտպանութեան բանակի կազմաքանդումը՝ Արցախը կը զրկէ իր ապահովութեան ամէնէն վստահելի ապաւէնէն։
Իրադրութեանց ներկայ պայմաններուն մէջ, Ատրպէյճանի ռազմական հետագայ սպառնալիքները դիմակայելու, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անվտանգութեան նշաձողը բարձրացնելու նպատակադրութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է երաշխաւորել Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան ապահովութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը` Արցախի դէմ սանձազերծուած ատրպէյճանական ռազմական հետագայ գործողութիւններու պարագային: Միաժամանակ, այսօրուան դրութեամբ, Հայաստանի սահմաններու պաշտպանուածութիւնը պայմանաւորուած է Արցախի ինքնիշխանութեան պահպանութեամբ։
Իսկ առանց որեւէ կարգավիճակի Ատրպէյճանի կազմէն ներս ներառման պարագային՝ Արցախին կը սպառնայ մէ՛կ ու միա՛կ ճակատակագիր՝ հայաթափուած Արցախ։
ՔՊ իշխանութեանց համար, «Խաղաղութեան դարաշրջան»ին «Լաւ ապրելու» համար անհրաժեշտ է զիջիլ եւ այդ զիջումներու շարքին առաջինը՝ Արցախն է եւ այդ նպատակին հասնելու համար, անհրաժեշտ էր չորս տարուան ընթացքին քանդել հայրենիքի ու ազգի հաւաքական դիմադրողականութեան պատնէշները։
Այս իշխանութիւնները Հայաստանի եւ հայութեան համար նման դառնաղէտ ճակատագիր տնօրինելու իրաւունք չունին։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար հրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւորի իր յանձնառութենէն, որովհետեւ նման քայլ՝ իր իսկ գոյատեւելիութեան սպառնացող խնդիր է։
Այսօր, Արցախի անվտանգութիւնը համայն հայութեան քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւնն է եւ մենք ազգովին, պարտաւորութիւնը ունինք արցախահայութեան ազատ ապրելու իրաւունքը ամրագրելու նպատակադրութեամբ՝ Արցախահայութեան կողքին պատնէշի վրայ կանգնելու, կազմակուռ շարքերով եւ դիմադրելու վճռականութեամբ։ Երկիրը ղեկավարելու տաղանդին չտիրապետող իշխանութիւնը պէ՛տք է հեռացուի, որպէսզի անպաշտպան ու կենսազուրկ չդառնան հայրենիքն ու Արցախը։
Խմբագրական «Հորիզոն»ի