Տերսիմի Հայկական Գերեզմանոցը Կը Քանդուի



ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ Թունճելի (Տերսիմ) նահանգի Մազկերտ շրջանը գտնուող հայկական գերեզմանոցը քանդելու աշխտանաքին մասին ահազանգ հնչեցուցած է Տերսիմի հայերու հաւատքի եւ ընկերային փոխօգնութեան միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին:
Ըստ «Ակունք»ի՝ Կիւլթեքին յայտնած է, թէ Մազկերտի հայկական գերեզմանոցին մէջ մեծ թիւով փոսեր գոյացած են. ան կոչ ըրած է, որ դադարեցուի անտէր մնացած գերեզմանատան աւերումը:
Նշենք, որ 2010ին, Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքինի ջանքերով Թուրքիոյ մէջ ստեղծուեցաւ նշեալ միութիւնը, որուն նպատակն է շարունակել հայերէնի պահպանման ուղղուած աշխատանքները եւ վերականգնել հոգեւոր ու մշակութային արժէքները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.