Մեր Երազի Մայրամուտը Կամ Ազգի Մը Ամօթանքը

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Կրնայ ըսուիլ, որ վերեւ յիշուած վերնագիրին մէջ առկայ է աչք ծակող «աղաւաղում» մը, որուն չէինք հանդիպած երեսուն տարիներու ընթացքին: Աւելի՛ն. կրնայ առարկուիլ նաեւ, որ «երազ»-ը երբեւէ վերջալոյս չէ ունեցած, չունի, անիկա իմացական ու ներաշխարհային տարածք մըն է, պահեստ, որ կը սաւառնի անարգել ու կը սնուցէ մեզ դարէ դար:

Իսկ գալով թուականին, որ կը խորհրդանշէ հայութեան, այս պարագային Արցախի անկախութիւնն ու ազատագրական պայքարի բռնկումը, դարաւոր թշնամի` թուրքին յաղթելու ազգի մը վճռակամութիւնը, այլապէս ալ պէտք չէ խամրի, տժգոյն դիմագիծ ստանայ, որովհետեւ ազգի մը հոգեկերտուածքը, պահուածքը, ճիշդ է, որ ենթակայ է ճակատագրական ազդեցութիւններու, այդուհանդերձ կը մնայ միակ ու անկորնչելի արժանիքը, որով կրնանք վերատիրանալ կորսուածին` պատմութեան էջերուն ընծայելով յաղթանակի նոր թուականներ, պայծառ յուշեր եւ յիշատակներ:

Ա՛լ ինչ խօսք` ժողովուրդի մը ժամանակակից կեանքին մէջ պատահածին, երբ ազգ մը ամբողջ, այդ ալ 21-րդ դարուն, կը թուլանայ, կ՛ընդարմանայ, կը խեղճանայ ու պարտութեան դիմաց` փոխան առաւել զգաստանալու, միաւորուելու, աշխուժանալու եւ վերակազմակերպուելու, կ՛ընդունի ամօթանքի խարանն ու նուաստացումը, եւ առանց դոյզն խղճմտանքի կը սողսկի թշնամիին դիմաց, որուն դարերու նպատակն է եղած բնաջինջ ընել հայութիւնն ու Հայաստանը:

Խոստովանինք, որ հայ հրապարակագրութիւնը ամբողջ երեսուն տարի, եթէ երբեք առաւել մը արձանագրեց, պայծառ մտածողութեամբ ինքզինք պարուրեց, յոյս ու լոյս ներշնչեց ամբողջ շրջապատի մը, այդ կատարուեցաւ շնորհիւ այս թուականին, որ իր շուքին տակ կրցաւ համախմբել, միաւորել ազգին տարբեր շերտերն ու գոյները, եւ ակօսելով իւրաքանչիւր հայու հոգեմտային աշխարհը, լոյսին բերել հայու իրա՛ւ տեսակն ու որակը, առանձնայատկութիւնը:

Ընդունինք նաեւ, որ ամբողջ երեք տասնամեակ հայութիւնը կրցաւ շրջանցել բազում խոչընդոտներ, հակառակ ներազգային կեանքի վերիվայրումներու, տխեղծ վերաբերումներու, ապառողջ արեւելումներու, քաղաքական կեցուածքներու եւ շատ անգամ անխոհեմ եւ ապազգային մօտեցումներու:

Իրօք, հայ գրիչն ու հրապարակախօսը, գաղափարական մարդն ու քարոզիչը, երեսուն տարի շարունակ,  ինչպիսի՜ խոհեր ու մակդիրներ, որոնք մտքի պաստառին վրայ թէ սրտի ալքերուն ուրուագծուեցան, սպիտակ թուղթին յանձնեց` հաւատալով իր ազգի վերածնունդին, սեփական պետութեան բարգաւաճման ու բանակի ուժին:

Ու յանկարծ, 44-օրեայ պատերազմին, թուրք-ազերի հորդաներու յաղթանակով, թաւալգլոր ճակատագրի կ՛արժանանար հայութեան հաւաքական երազը, ազգային ապրումներու խայտանքն ու արժանապատուութիւնը:

Իսկ ամէնէն ողբերգականը, որուն ականատես կ՛ըլլար ոչ միայն թշնամին, այլ ամբողջ մարդկութիւնը, հայութեան անձնատուութիւնն էր, թշնամիին դիմաց ծունկի գալը, պետական մակարդակի թէ իշխանական համակարգի անսովոր փլուզումը:

Արդարեւ, 9 նոյեմբեր 2020-ի անձնատուութեան փաստաթուղթին լոյսին գալով, արդէն կը յստականար յառաջիկայ տարիներու հայութեան բաժին ինկող դժուարին մարտահրաւէրներու պատկերը: Միւս կողմէ, մարգարէանալու կարիք չկար բաց աչքով տեսնելու գալիքի հարուածներն ու զիջումի հետեւանքով մեր ազգին պարտադրուած խայտառակ որոշումներն ու քաղաքական ճնշումները:

Եթէ երբեք ազգը իր պետական կառուցուածքով ու ժողովրդական խաւերով 1988-1994 թուականի արցախեան ազատագրական պայքարի օրագրութեան էջերը լաւ իմանար, սերտէր եւ ուսումնասիրէր, երեսուն տարիները բաւարար պիտի ըլլային ունենալու այնպիսի ներուժ եւ քաղաքական մտքի հասունութիւն, որոնցմով պիտի կարենայինք պարսպապատել Արցախն ու Հայաստանի սահմանները, հայ մարդու միտքն ու ներաշխարհը:

Այլ խօսքով, հայութիւնն ու հայոց պետականութեան կարգն ու սարքը` հեռու մնալով փտածութենէ, կաշառքէ, աթոռամարտէ եւ իշխանատենչութենէ, պիտի կարենար գէթ տոկոսային մեծ համեմատութեամբ դէմ դնել ոտնձգութիւններու, այս կամ այն ուժին թաքուն թէ բացայայտ թշնամանքին, աշխարհաքաղաքական խօլ արշաւներու եւ անակնկալ յարձակումներու:

Փաստօրէն, արցախեան գոյամարտի տարիներուն, երբ հայութիւնը կը գտնուէր դժուարին կացութեան մէջ, երբ հայոց բանակ անգամ կազմաւորուած չէր, երբ հայ տղամարդն ու հիւանդապահը, ուս-ուսի, մարտեր կը մղէին, երբ թշնամի ուժեր ջարդերով կը հակադարձէին հայոց պահանջատիրութեան, երբ ահռելի ռմբակոծումի, ահ ու սարսափի կ՛ենթարկուէր արցախահայութիւնը, երբ տնտեսական թէ կենցաղային ամենատարրական իրաւունքն անգամ զլացուած էր պայքարող հայութեան, ահա, նման պայմաններու մէջ կը ծագէր յաղթանակի արշալոյսը եւ իրականութիւն կը դառնար հայոց դարաւոր երազը:

Մռաւ լերան թէ Շուշիի կատարին կոթողուած հայու երազը, եկուր ու տես, որ  կարճատեւ եղաւ, պարզ այն պատճառով, որ հայութիւնը` գինովցած իր յաղթանակով, մոռացութեան տուաւ արեամբ ու քրտինքով նուաճուած պատերազմի օրագրութիւնը:

Օրագրութիւն, որուն էջերը յագեցած էին հերոսական արարքներու գեղեցիկ դրսեւորումներով, անկրկնելիներու քաջութեամբ, հայ երիտասարդութեան զուլալ արեամբ, չափահասի թէ երէցի անպարագծելի նուիրուածութեամբ:

Միւս կողմէ, հայութեան առընթեր, հայ պետական իշխանութեան գլխին հասած այրերը, իրենց կարգին, ոչ միայն մոռցան, այլ նաեւ ուրացան հայ ժողովուրդի նուիրումը, ողջ պատմութիւնը, Եռաբլուրն ու Արարատը: Անոնք, իրերայաջորդ իշխանական կարգ ու սարքեր, փոխան պետական սիւներու ամրակայման, առաւել հզօրացման, դատական թէ իրաւական համակարգի բիւրեղացման, ընկերատնտեսական կեանքի շուտափոյթ բարելաւման, ժողովրդական խաւերու պաշտպանութեան, ցաւ ի սիրտ, լծուեցան երկրի թէ ժողովուրդի կողոպուտին, աւազակութեան:

Փաստօրէն, իրերայաջորդ իշխանազուններ, մեծ թէ փոքր, ամօթի զգացումը մէկդի շպրտած, մարդկային դիմակը պատռած, խոհանոցային հայրենասիրութեան թէ ստապատիր լոզունքներու գերին դարձած` տիւ եւ գիշեր կողոպտեցին հայոց հայրենիքը` Հայաստանն ու Արցախը:

Եւ ահա, հայ սփիւռքն ու հայրենի հողին վրայ ապրող հայութիւնը, տեսաւ, զգաց ու շօշափեց նման վաշխառու թէ ստահակ մարդոց պահուածքը, եւ, իր կարգին, զոհ դարձաւ տարբեր բնոյթի որոգայթներու` անտարբերութիւն, արտագաղթ, օտարի լուծ, աղանդներու եւ պերճաղիճներու հանդէս, սրբապղծութիւն, ազգային թէ մարդկային արժէքներու ստորադասում, մշակութային ինքնասպանութիւն, լեզուի, մտքի ու հոգիի աղաւաղում եւ այլն, եւ այլն:

Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնէր, թէ պիտի գային օրեր, երբ նիկոլական կոչեցեալ խունթայ մը պիտի համարձակէր ընել այն ամէնը, որուն ականատես եղանք բոլորս, երբ չկրցան ընել նախկին թէ նախորդ իշխանական այրերը, որոնք կը պսպղային իրենց կաշառուածութեամբ, սրիկայութեամբ:

Իրօք, եկաւ այդ օրը, երբ նոյեմբերեան թուղթի կտոր մը յաղթանակ տարաւ հայութեան վրայ եւ մեր ազգը մղեց առաւել ողորմելի կարգավիճակին հասնելու:

Այս անգամ, հայ քաղաքական միտքն ու աւագանին սկսաւ կռուիլ թուղթի կտորի դէմ, զայն մեկնաբանելու եւ բարբարոս թշնամիին խաղաղութեան կոչեր հայցելու: Իսկ դարաւոր թուրքը, առանց ծամելու իր մտասեւեռումը, այսպէս ըսած, «ճակատաբաց» կը պահանջէ, կը սպառնայ, կը խեղաթիւրէ եւ յստակօրէն կը ներկայացնէ իր ներկայի թէ ապագայի ակնկալութիւններն ու քաղաքական հեռանկարները:

Մինչ թուրքը կը պատրաստուի նորովի յաջողութիւն ձեռք բերել` հայութենէ առաւելագոյնը կորզելու, հայութեան դէմ ամենավտանգաւոր որոգայթները սարքելու, անդին, հայ քաղաքական մտքի նորելուկները առանց պճնանքի կը շարունակեն ազգադաւ ու պառակտիչ իրենց ելոյթները` յանուն թուրքի հետ խաղաղութեան եւ սեփական իշխանութեան ամրապնդման:

Մինչ Արցախ աշխարհի շուրջ օղակը կը սեղմուի, անորոշութեան մատնելով արցախահայութեան ճակատագիրը, անդին, Երեւանի գիշերները կը խայտան, կուրծքերը կը բոցկլտան, կարծես ոչինչ կը պատահի հայ կեանքին մէջ:

Մինչ արեւմտեան կողմն աշխարհի մեծ տէրութիւններ առանց ամօթանքի լոկ բարիդրացիական կոչեր եւ մաղթանքներ կը յղեն հայութեան, անդին, հայ պետական այրերու արեւմտամէտի կայտառութիւնը կը յամենայ, կը պայծառանայ:

Մինչ հակառուս ատելութիւնը օր ըստ օրէ կը խորանայ, այսպէս ըսած, հայ «հանճարեղ» պատմաբաններու թէ քաղաքագէտներու ամէնօրեայ ելոյթներու պատճառով, անդին, ռուսամէտներու «եղերամայրի» կանչերը, յորդորները կը շատնան`  պառակտումի, անմիաբանութեան սերմեր տարածելով:

Մինչ Երեւանի փողոցներու մէջ ընդդիմադիր ուժը կը փորձէ այսպէս կամ այնպէս իր ձայնը լսելի դարձնել, անդին, ցոյցի թէ բողոքի հաւաքավայրին մօտիկ ճաշարանէն բարձրաձայն կը լսուին երգիչ սագոներու թէ կարպիսներու դղրդիւն երգերը, ուրախութեան եւ որոտընդոստ ծափահարութեան ներքեւ:

Մինչ նահատակ տղոց մայրեր կ՛ողբան Եռաբլուրի տարածքին, անդին, տկլոր  մտքով ու վաւաշոտ հոգիով դրամատէր հայեր Յիսուսի արձանի կանգնեցման մասին կը մտածեն օրն ի բուն, սապէս քաւելու իրենց մեղքը, հաճոյանալով շրջապատին:

Մինչ հայ մտքի, գրիչի ու մշակոյթի սպասարկուներէն կը պահանջուի առաւել աշխուժ կեանք, եռանդ ու համատարած արթնութեան կոչեր ու կեցուածքներ, անդին, հայ մտաւորականութիւնը` իր բոլոր խաւերով, լռութեան խաչափայտին գամուած, կը հետեւի իրադարձութիւններու, փոխանակ ռահվիրայի իր կոչումին տիրութիւն ընելու:

Մինչ հայրենասիրութիւնը, մարտունակութեան ոգին պազար-ի է վերածուած, անդին նիկոլասիրութիւնը առաւել կը պճնազարդուի, կը վաճառականանայ:

Ազգը, կազմակերպուելու փոխարէն կ՛ողբայ իր խեղճութիւնը, իսկ մենք` անզօրի պատմուճանը հանդերձած` կը սպասենք «կոտոյին», հրաշքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.