Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Ներքին Սուսէն Կը Տարհանուին Պատմամշակութային Կոթողները
Բերձորի սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ շրջակայ տարածքէն կը հանուի Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքարը: Այս մասին Արցախի Հանրային հեռուստաընկերութեան ըսած է Արցախի Կրթութեան գիտութեան մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով, որ եթէ յուշարձանները մնան Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ, անոնք կոչնչացուին: «Դեռ 2021 Փետրուարին Ազրպէյճանի նախագահը Հադրութի շրջանի Ծակուռի գիւղի Ծաղկավանք եկեղեցւոյ բակին մէջ յստակ յայտարարեց, որ այն յուշարձանները, որոնք կառուցուած են երեսուն տարիներու ընթացքին, ենթակայ են ոչնչացման: Ան նաեւ ըսաւ, որ հայկական բոլոր յուշարձանները պէտք է քերուին»,- ըսած է փոխնախարարը: Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Սուսէն տարհանուող յուշարձաններուն մեծ մասը պիտի տեղակայուին այլ եկեղեցիներու բակերուն մէջ: Պիտի տարհանուին Աղաւնոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ տարածքի նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողները, որոնք պիտի տեղափոխուին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: