«Արցախեան Հիմնախնդիրը Եւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Քաղաքականութիւնը» Գիրքին Շնորհահանդէսը Արցախի Մէջ
Յուլիս 6-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրատարակուած «Արցախեան հիմնախնդիրը եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքի արցախեան շնորհահանդէսին ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, քաղաքական, հասարակական գործիչներ:
Գիրքին գլխաւոր խմբագիրը` Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ գիրքին վրայ Արցախի արտաքին գործոց նախարարի աշխատակազմը աշխատած է մօտաւորապէս մէկ տարի: «Աշխատութիւնը օգտակար կ՛ըլլայ հասարակական, քաղաքական, գիտական, կրթական, տեղեկատուական դաշտին մէջ: Հակառակորդին կողմէ տեղեկատուական պատերազմը կը շարունակուի, աւելի պիտի զօրանայ մօտակայ տարիներու ընթացքին, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ըստ ամենայնի պահպանել եւ պաշտպանել մեր դիրքերը», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան:
Գիրքը բաղկացած է երեք հիմնական մասէ` առաջինը պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ են, երկրորդ մասը կը վերաբերի ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան, անոր կարգաւորման գործընթացին, երրորդ մասին մէջ ներկայացուած են Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առանցքային հասկացողութիւնները:
Աշխատութեան մասին կարծիք յայտնած են` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, փրոֆեսէօր Վալերի Աւանեսեանը, Արցախի նախագահի խորհրդական Լուսինէ Ղարախանեանը, Արցախի նախագահի տեղեկատուութեան վարչութեան նախագահ Վահրամ Պօղոսեանը:
Արտակ Բեգլարեան գիրքին հրատարակումը կարեւոր նկատած է արցախեան հիմնահարցի առանձնայատկութիւններուն, դէպքերուն, պետական դիրքորոշումներուն տեղեակ ըլլալու եւ համակարգուած գործողութիւններ կատարելու, համակարգուած դիրքորոշումներ յայտնելու, ամբողջութեամբ նոյն լեզուով խօսելու, նոյն եզրութաբանութիւնը օգտագործելու առումներով:
Աւելցնենք, որ աշխատութեան լոյս ընծայումը նիւթապէս ապահովուած է բարեգործական միջոցներով. շուտով լոյս պիտի տեսնէ ռուսերէն տարբերակը, եւ կը նախատեսուի անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ սպաներէն եւս հրատարակել: