Կեանքէն հեռացաւ Արշիլ Կորքիի կողակից եւ ներշնչման աղբիւր Ակնէս Մակրուտէր Կորքին
ՀՈՐԻԶՈՆ.- Վերացական արտայայտչապաշտ նկարչական արուեստի ռահվիրայ Արշիլ Կորքի Ատոյեանի (Ոստանիկ Ատոյեան) ներշնչման աղբիւր Մուկուչ Մակրուտէր Կորքի, իր մահկանացուն կնքեց 92 տարեկան հասակին։ Կորքիի մահէն ետք, 65 տարի շարունակ ան եղաւ Կորքիի արուեստը աշխարհին ծանօթացնողն ու Կորքիի հայկական ինքնութիւնը հաստատող գլխաւոր վկան, երբ տասնամեակներ առաջ փորձ կը կատարուէր Կորքիին վերագրել հրէական ծագում։
Ամերիկեան նաւատորմի Ծովակալի մը դուստրը, Ակնէս Մակրուտէր, իր կեանքի առաջին երկու տասնամեակները անցուցած է ամերիկեան եւ եւրոպական ցամաքամասներուն վրայ, Ուշինկթընէն՝ Հոլանտա, Զուիցերիայէն՝ Նիւ Եորք։ 19 տարեկանին Նիւ Եորքի մէջ կը հետեւի Art Students League արուեստի ուսումնարանի դասընթացքներուն, սակայն շատ չանցած համայնավար գաղափարախօսութեան քարոզչութիւն կատարող պարբերաթերթի մը մէջ կը ստանձնէ գրաշարութեան պաշտօն մը։
Նկարիչ Արշիլ Կորքիի կը ծանօթանայ 1941-ին եւ նոյն տարին իսկ կ՚ամուսնանան։ Կորքի կը հայկականացնէ անունը եւ զինք կը կոչէ Մուկուչ։
Արուեստի լայն շրջանակներու ծանօթ Մուկուչ կը դառնայ Կորքիի գործերու շուկայի անպաշտօն վերակացուն։ Կորքիին կը մղէ, որ մասնակից դառնայ զանազան ցուցահանդէսներու։
Կորքիներու կեանքի անկիւնադարձային պահը կ՚ըլլայ 1946 թուականը, երբ հրդեհ մը կը փճացնէ Արշիլի արուեստի գործերու լաւագոյն ընտրանին։ Հրդեհէն երկու ամիս ետք, բժիշկները Կորքիի մօտ կը յայտնաբերեն աղիքային քաղցկեղի նախանշաններ։ շատ չանցած ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով կը կորսնցնէ իր պաստառներուն կեանք տուող աջ ձեռքը գործածելու կարողութիւնը։ Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած արուեստագէտին համար այս բոլորը հոգեկան ընկճուածութեան կ՚առաջնորդեն, իսկ երբ անհամաձայնութեան մը պատճառով Մուկուչ իրենց երկու փոքր զաւակներով՝ Մարոյի եւ Նաթաշայի հետ կը լքէ բնակարանը, Յուլիս 21, 1948-ին, Կորքի պարանով կախուելով անձնասպան կ՚ըլլայ։
Մուկուչ իր կեանքի յաջորդ հանգրուանին կ՚ամուսնանայ երկու անգամ, սակայն միշտ վառ կը պահէ Արշիլ Կորքի Ատոյեանի յիշատակն ու անոր թողած արուեստի ժառանգութիւնը։
Կորքիի մասին կենսագրական գիրքերէն մէկուն հրատարակման ջատագովը կը հանդիսանայ Մուկուչ։ Արդարեւ, Մարոյի արուեստաբան ամուսին Մաթիու Սփենտըր կը գրէ Կորքիի մասին From a High Place: A Life of Arshile Gorky գիրքը։
2011-ին, Կորքիի եւ Մուկուչի թոռնուհին, Գոզիմա Սփէնտըր նկարահանեց Without Gorky փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որուն մէջ դերեր ստանձնեցին Մուկուչ, Մարօ եւ նաթաշա Կորքիներ եւ որոնք ժապաւէնի աւարտին կ՚այցելեն Վանայ լիճի ափամերձ Կորքիի ծննդավայր Խօրգոմ գիւղը։
92 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած Մուկուչ Կորքի, իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Կորքիի անունն ու մշակութային աւանդը բարձր պահելու, այն արուեստագէտին, որ իր ժամանակներուն մէջ եղաւ իր ժամանակակիցները գերազանցող արուեստագէտը, որուն արուեստը սակայն տասնամեակներ ետք միայն հասկցուեցաւ ու արժեւորուեցաւ։