Հայկական Բանակը Պատասխան Գործողութիւններու Կը Դիմէ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեկնաբանած է ատրպէյճանական կողմին հրապարակած այն հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած է, որ իբր թէ, սահմանին վրայ միջադէպ տեղի ունեցած է:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան «Նիուզ»ի թղթակիցին յայտնած է, որ վերջին օրերուն հակառակորդը շարունակած է խախտել զինադադարի դրութիւնը, եւ որոշ պարագաներու հայկական կողմը ստիպուած եղած է պատասխան գործողութիւններու դիմելու: Հայկական կողմէն գերի ինկածներ չկան, նշած է ան։
«Ինթերֆաքս»ը՝ վկայակոչելով ANS պատկերասփիւռի կայանը, յայտնած է, թէ միջադէպը տեղի ունեցած է Կիրակի օր՝ առաւօտեան ժամը 4։00ի շուրջ: Տուժողներէն մէկը՝ 35ամեայ Վեզիր Վելիեւը, բեկորային վէրքեր ստանալով հիւանդանոց փոխադրուած է, իսկ 40ամեայ Ալի Ալիեւի մասին տեղեկութիւններ չկան: Կ՛ենթադրուի, որ միջադէպէն ետք ան չէզոք գօտիին մէջ գտնուած է, ուստի անոր վիճակը անյայտ է։ Երրորդ բնակիչը՝ 30ամեայ Հագանի Մագերրամովին ոչինչ պատահած է, ան իր վկայութիւնը տուած է։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը առայժմ ոչ մէկ ձեւով մեկնաբանած է այս հաղորդագրութիւնը: Յստակ չէ, թէ որո՛նք են սահմանախախտները՝ մոլոված հովիւնե՞ր, թէ յարձակում կատարող խումբի անդամներ: