Իշխանութիւն Եւ Բարոյականութիւն
Երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները քննարկելու առիթով կը դիմագրաւենք մնայուն գործելաձեւ մը: Յարաբերութիւնները, նոյնիսկ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ, չեն հիմնուիր արդարութեան, իրաւունքի, ճշմարտութեան ու նմանատիպ բարեմիտ գաղափարներու վրայ: Յաճախ կը կրկնենք, որ յարաբերութիւններու մղիչ ուժը շահն է: Եթէ բարեկամական են երկու համարժէք պետութիւններու յարաբերութիւնները, կը գտնուի փոխադարձ զիջումներով, իւրաքանչիւրին շահը պահպանող լուծումը: Եթէ հակադիր են յարաբերութիւնները, փորձ կ՛ըլլայ տագնապ ստեղծելու ճամբով առաւելագոյն զիջումներ պարտադրելու եղանակը. զօրաւորը կը յաղթէ, կամ տագնապը կ՛երկարաձգուի երկար տարիներ: Եթէ երկու երկիրները համարժէք տարողութիւն չունին, ուժեղը, հարուստը, լաւ զարգացածը կը պարտադրէ իր կամքը` աղքատը աւելի աղքատացնելով ու տկարը աւելի տկարացնելով: Այս անարդար գործելաձեւը կը ներկայացուի միջազգային իրաւունքի, ժողովրդավարութեան, հաւասարութեան ու նմանատիպ շողշողուն գաղափարներու խիստ սկզբունքային բացատրութիւններով:
Միջպետական յարաբերութիւններու մէջ անիմաստ է որոնումը պատմական ճշմարտութեան, արդարութեան ու ազգերու հաւասարութեան ու համերաշխ գործակցութեան շեփորուած սկզբունքներուն: Այս երեւոյթը միթէ բարոյականութեան ամէնէն պարզ, հասկնալի ըմբռնումի բացակայութիւն չէ՞. քիչ մըն ալ խտացնելով, կրնանք ըսել, որ միջազգային յարաբերութիւնները հիմնուած են բարոյական չափանիշներէ զերծ սկզբունքներու վրայ: Չըսելու համար` անբարոյութեան վրայ:
Միջազգային յարաբերութիւններու այս պատկերը կրնա՞յ պատճէնուիլ երկրի մը մէջ, անհատ քաղաքացիներու, քաղաքական կազմակերպութիւններու, հասարակական ընկերակցութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն պարագային: Պետութեան տարատեսակ գործառոյթներու աշխատելաձեւ դառնալ:
Հայաստանի մէջ, անկախութեան հռչակման օրերէն իսկ, նման աշխատելաձեւի առկայութիւնը մատնանշուած էր բազմիցս: Դժբախտաբար, պետութիւնը ղեկավարելու կոչուած իշխանութեան, իշխանութիւնը ամէն գնով պահելու մոլուցքէն թելադրուած ապաժողովրդավար վարուելակերպին թելադրանքով:
Թէեւ նոր չէ երեւոյթը, սակայն չորս տարի առաջ իրականացած իշխանափոխութենէն ետք, իշխանափոխութիւն մը, որ ոմանք կը յամառին յեղափոխութիւն կոչել, բարոյական չափանիշներու բացառումը դարձաւ սովորոյթ, օրէնք: Սուտը, զրպարտութիւնը, բամբասանքը, պարսաւանքը կառավարման միջոցներ դարձան: Իշխանութիւնը կամ իշխանութեան ջատագովներ կը գործեն սխալը, որքան ալ ծանր ըլլայ ատիկա, կ՛արժանանան բարեացակամ արդարացումի, երբեմն ալ` ուրացումի: Ընդդիմադիր շրջանակէ եկող դոյզն շեղումը, նոյնիսկ յանցանքի տարրեր չունեցող արարքը պատրուակ կը ծառայէ խստագոյն դատապարտման ու քրէական քաշքշուքի:
Երկու դէպքեր, անցնող շաբթուան ընթացքին, եկան հաստատելու վերը ըսուածին իրականութիւնը: Շաբաթը բացուեցաւ Ապարանի մօտ կրակոցով մը, որ պատճառեց երեք մահեր ու չորս վիրաւորներ: Ոստիկանութիւնը շուտով յայտարարեց, որ… որսորդական հրացանէ մը կրակոց մը արձակուած է, սովորական կենցաղային վէճի մը առիթով: Դէպքին քաղաքական դրդապատճառը բացայայտ էր. բացայայտ էր նաեւ ոճիրին դրդիչները, մասնակիցները ու պատճառը պարտկելու ճիգը: Մէկ հոգի ձերբակալուած է միայն, եւ արիւնալի ու ողբերգական արարքին ընթացիկ դէպքի մը հաւասարեցումը կը շարունակուի:
Երկրորդը բարացուցական է իշխանութեան գործունէութեան ոճին բացայայտման տեսակէտէն: Բարձրագոյն դատական խորհուրդի իրաւասութիւնը առկախուած նախագահը` Ռուբէն Վարդազարեան, եւ նոյն պաշտօնին ժամանակաւոր պաշտօնակատար դարձած Գագիկ Ջահանկիրեանը խօսակցութիւն մը ունեցած են: Վերջինը կը փորձէ համոզել առաջինը, որ հրաժարի նախագահի պաշտօնէն, մերթ իր դէմ եղած ամբաստանութիւնները ջնջել տալու խոստումով, մերթ ընտանիքի ու զաւակներու յիշեցումով, փափուկ սպառնալիք հնչեցնելով: Գագիկ Ջահանկիրեան կը հաստատէ, որ ինք ամբաստանութիւն հնարելու եւ ջնջելու կարողութիւն ունի. կ՛ըսէ, որ ինք կարող է դատական համակարգը կառավարել, որ անցեալին նոյնիսկ… նախագահ կառավարած է: Խօսակցութիւնը ձայնագրուած է ու հրապարակուած: Որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ նման գայթակղութիւն մը կ՛առաջնորդէր հրաժարականի ու քրէական հետապնդման: Հայաստանի մէջ կ՛ուսումնասիրեն, ու հաւանաբար երկար ուսումնասիրեն ձայնագրութիւնը:
Պետական սպասարկութիւններու աշխատանքը պէտք է հնազանդի բարոյական ընթացիկ ըմբռնումներու, որոնք ամէն տեսակի օրէնսդրութեան հիմքը կը կազմեն: Բարոյական ըմբռնումներու բացակայութիւնը համազօր է ամբողջատիրութեան, որ ժողովրդավարական խօսոյթով ջնարակուած` բռնատիրութիւն է:
Տխուր է Հայաստան պետութեան այժմեան պատկերը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ