Հայ կեդրոնի նոր շինութեան բացում, Վերացման Ս. Խաչի եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնակատարութիւններ Գէմպրիճի մէջ


 

Երկու տարիներու աշխատանքէ ետք, Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի 30- ամեայ շէնքին կողքին աւելցան 6 սենեակներ եւ փոքր սրահ մը, որոնց բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր, 2013-ին։

Նորոգուած կեդրոնի բացման հանդիսութեան եռագոյն ժապաւէնի հատումը կատարեց Գանատայի մօտ Հայասատանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան պրն. Արմէն Եկանեան։ Դեսպանի կողքին էին՝ Գէմպրիճի Հայաստանեայց Առաքելական  Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ վրդ. Քիւսպէկեան, Դաշնակցային կառավարութեան նախարար Կէրի Կուտյիր, Գէմպրիճի քաղաքապետ Տակ Քրէյկ եւ «Արամ Դրօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ ընկ. Դրօ Թասլաքեան։

Ժապաւէնի հատումէն ետք, հիւրերն ու հանդիսութեան ներկաները առաջնորդուեցան նորակառոյց «Փօսթաճեան սրահ», որուն կառուցման նուիրատուներն են Փօսթաճեան ընտանիքի անդամները, ապա վերնայարկին վրայ գտնուող ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարանը, որ վերանուանուեցաւ ՀՕՄ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի Մեսրոպ Թիթիզեան Շաբաթօրեայ վարժարան»։ Վարժարանի  նուիրատուներն են տիկ. Մարի Թիթիզեան եւ զաւակները։ Իսկ դասարաններու եւ գրասենեակներու նուիրատուներն են ՝ Սարմազեան եղբայրներ, տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Սիլվա Փոլատեան, տէր եւ տիկին Վահագն եւ Ռուպինա Փոլատեան, իրենց ծնողաց Յակոբ եւ Մարի Փոլատեաններու յիշատակին, տէր եւ տիկին Խորէն եւ Նինա Մուրատեաններ (Ridgeview Homes), Պզպզեան ընտանիք, Արմանտ Պզպզեանի յիշատակին եւ տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Մարինա Կարապետեաններ։

Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղի գրադարանը, որ կը գտնուի հին շէնքի կառոյցէն ներս, յետ այսու պիտի կրէ «Շաքէ Պզպզեան» անունը, դարձեալ Պզպզեան ընտանիքի նուիրատուութեամբ։

Վերոյիշեալ ընտանիքներէն ներկայացուցիչ մը եւ պաշտօնական հիւր մը կատարեցին սրահի, դպրոցի եւ սենեակներու ժապաւէններու հատումը։

Ժապաւէններու հատումէն ետք, կեդրոնի մեծ սրահին մէջ համախմբուեցան  250 ներկաներ, ուր տեղի ունեցաւ կեդրոնի պաշտօնական բացումը։ Գանատայի եւ Հայասատնի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք,  Ցոլեր Փանոսեան եւ Սարօ Սարմազեան, հայերէն եւ անգլերէն լեզուններով, արտասանեցին բացման խօսքեր, որոնց ընդմէջէն բարի գալուստ մաղթեցին հիւրերուն եւ ներկաներուն, կեդրոնի 30-ամեակին եւ նոր շինարարութեան աւարտման առիթներով։ Ընկ. Դրօ Թասլաքեան բեմ հրաւիրուելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ «Trillium Foundation» ին, որ կէս միլիոն տոլար նուիրած էր Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի վերանորոգման ծրագրին։

Ապա, Մանէ Գարաեագուպեան դաշնակի վրայ նուագեց Առնօ Պապաճանեանի  «Էլեքիա»ն, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդ. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեան։  Գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսքերէ ետք, ընկ. Տօնապետեան հաստատեց, որ շինութիւնը պէտք է հիմք հանդիսանայ դպրոցի հզօր առաքելութեան,  աշխուժացնէ յարակից միութիւններու գործունէութիւնն ու հայ դատի հետապնդման աշխատանքները։ Յաջորդաբար խօսք առին՝ շրջանի ոստիկանապետ Մաթ Թորիկեան եւ Գէմպրիճի քաղաքապետ Տակ Քրէյկ որ Գէմպրիճի հայ համայնքին յանձնեց քաղաքապետարանին կողմէ շնորհաւորագիր մը։

Դաշնակցային նախարար Կէրի Կուտյիր փոխանցեց Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրին ողջոյնները, ինչպէս նաեւ՝ ողջոյնները նախարարներ Ճէյսըն Քէնիի, Ճան Պէրտի եւ Էտ Ֆասթի։  Վարչապետը ուղարկած էր շնորհաւորագիր մը։ Ապա բեմ հրաւիրուելով շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին՝Mr Harold Albrecht, դաշնակցային երեսփոխան Kitchener- Conestoga, Mr Stephen Woodworth, դաշնակցային երեսփոխան Kitchener Centre, Mr Robe Leone, նահանգային երեսփոխան Cambridge, Mr Nicholas, Ermeta Cambridge Councillor, Mr Zyg Janecki, Kitchener Councillor։Ընթերցուեցաւ նայեւ Waterloo քաղաքի քաղաքապետի շնորհաւորական նամակը։

Պաշտօնական խօսքերէն ետք, ներկայացուեցաւ գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Կարինէ Գարաեագուպեան եւ Գեղանի Գասապեան ջութակի եւ դաշնակի վրայ նուագեցին Արամ Խաչատուրեանի «Վարդագոյն աղջիկներու պար»ը։Թորոնթոյէն հրաւիրուած «Սասուն» պարախումբը ներկայացուց 3 պարեր, «Շալախօ», «Տլէեաման» եւ «Սասնա պար», իսկ Գէմպրիճի շաբաթօրեայ վարժարանէն Անուշիկ Կապաճուզեան արտասանեց «Կարօտ հայրենիքին»ը, իսկ Ռազմիկ Կարպուշեան «Հայու հոգին»։

Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց պրն. Արմէն Եկանեան, որ շնորհաւորական խօսքերէն ետք՝ քաջալերանքով անդրադարձաւ Գանատայի բոլոր կեդրոններու գործունէութեան։Պրն. Եկանեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ-գանատական յարաբերութեանց, Հայաստանի մէջ Գանատական ընկերութիւններու ներդրումին, որոնց թիւը կը հասնի 60-ի,  եւ գնահատելի նկատեց Joint Ventur-ը, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու այցը։

 

Վսեմաշուք դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան  եւ Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն ու անոնց համամարդկային դիմագիծին, սուրիական տագնապի հետեւանքով Հայաստան ապաստանած հայորդիներուն ու անոնց կարիքներուն մասին։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Հովիւ Վերապատուելի Յովհաննէս Սարմազեանի եւ Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Վարդապետ Քիւսպէկեանի աղօթքով ու «Պահպանիչ»ով, ժամը 9:30-ին։  Հայր Սուրբը «Պահպանիչ»էն առաջ ներկաներուն փոխանցեց Գանատայի Հայոց Թէմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեանի ողջոյնները եւ շնորհաւորանքները, գաղութիս այս անկիւնադարձային օրուան առիթով, որուն  Սրաբազան Հայրը ներկայ չէր կրցած ըլլալ կամքէ անկախ պատճառներով։Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

***
Սեպտեմբեր 7-ին, Վերացման Ս. Խաչի եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի տօներուն առիթներով, Գէմպրիճի Հայ կեդրոն ժամանեցին Գանատայի տարբեր շրջաններէն ուխտաւորներ։

 

Ժամը 6:30ին, Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն։  Եկեղեցիէն դուրս գալով Հայր Սուրբը օրհնեց մատաղը։ 

Ժամը 8:30ին խրախճանքը սկսաւ հայ կեդրոնի մեծ սրահին մէջ շուրջ 300 հայրենակիցներու ներկայութեամբ։  Գէորգ Արթինեան եւ իր նուագախումբը խանդավառեցին այս երեկոն, իսկ օրուան հանդիսավարը ընկ. Յակոբ Ճանպազեան կատարեց հանգանակութիւնը՝ նոր շինարարութեան համար։

Ընկ. Յակոբ ներկաներուն կոչ ուղղեց յոյս դնել երիտասարդութեան վրայ, որ ունի նպատակ եւ գոյատեւման կամք։  Ան նշեց որ Դաշնակցութիւնը գործած է այս շրջանի մէջ 105 տարիներէ ի վեր, որ սեփականատէր եղած է երկու կեդրոններու, այս երրորդ կեդրոնի շինութենէն առաջ։

Ձեռնարկի աւարտին 300 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ազգայիններէ եւ յարակից միութիններէ։  

Կարպիս Հանէշեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.