Ներկայացուցիչներու Տան Յանձնախումբը Վաւերացուց Արցախին Օժանդակելու Որոշումը


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Յուլիս 24ին վաւերացուց 2014ի պետական ամավարկին մէջ Արցախին առաւել օժանդակութիւն տրամադրելու որոշում մը. այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ աւելցնելով, թէ Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութեան գումարը չէ նշուած որոշումին մէջ:
Ըստ որոշումին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իրաւասութիւնն ունի նախորդ տարիներու ընթացքին տրամադրուած օժանդակութեանց չափով օգնութեան ձեռք երկարել Արցախի տագնապէն տուժածներուն: Որոշումը պէտք է վաւերացուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին կողմէ:
«Երախտապարտ ենք յանձնախումբի ատենապետուհի Կրէյնճըրին եւ բարձրաստիճան անդամ Լոուիին, որոնք անսալով քոնկրեսական Շիֆի կոչերուն՝ որոշեցին Արցախի ժողովուրդին օժանդակութիւն տրամադրելու կէտը աւելցնել բանաձեւին վրայ, նախորդ տարիներու օժանդակութեանց չափով, հակառակ այն իրողութեան, որ ամավարկը լեցուն էր ծախսերու սուր կրճատումներով», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, որ միաժամանակ մտահոգութիւն կը յայտնէ, թէ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութեան չափը յստակօրէն չէ մատնանշուած բանաձեւին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.