Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի «Դաստիարակչական» Յանձնախումբը եզրափակեց Յունուար 29-30 կազմակերպած երկօրեայ առցանց «Քատրերու» սեմինարը Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի Դաշնակցական Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններու մասնակցութեամբ:
Սեմինարը արծարծեց հետեւեալ նիւթերը՝

ՀՅԴ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը եւ դաշնակցան երիտասարդը – Ընկեր Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Արժանթին):

Ո՞վ է դաշնակցական ղեկավարը – Ընկեր Մարիօ Նալպանտեան (Արժանթին):

Հայ եւ դաշնակցական երիտասարդը ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ – Ընկեր Մհեր Գարագաշեան (Գանատա):

ԱՐՑԱԽ – Ընդհանուր իրավիճակ եւ ՀՅԴ ռազմավարութիւն -Ընկեր Արամ Համբարեան (ԱՄՆ Արեւելեան):

Կառավարելու արուեստը -Ընկերուհի Թալին Հանէշեան (Գանատա) եւ Ընկերուհի Լուիզա Պապոյեան (Լիբանան):

Ինչպէս օգտագործել քարոզչութիւնն ու գիտարուեստը (technology) քաղաքական կեանքին մէջ -Ընկերուհի Թերեզա Երէմեան (ԱՄՆ- Արեւելեան):

Դաշնակցական երիտասարդը ինքզինք ո՞ւր կը տեսնէ եւ ո՞ւր պէտք է ըլլայ գալիք հինգ տարիներուն – Ընկեր Յովսէփ Տէր Գէորգեան (ֆրանսա):
Սեմինարին բացումն ու փակումը կատարեցին ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակի Բիւրոյի ներկայացուցիչներ ընկերներ Արամ Գալուստեան եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեան։