ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ «ՋԱՐԴԻՆ» ՇՈՒՐՋ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՄԵՆԱՆ


 

Սուրիոյ սգաւոր քրիստոնեաները տակաւին կը սպասեն պատասխանը այն հարցումին, թէ ի՞նչու ընդդիմութեան առչնուած իսլամական զինեալներ աւելի քան մէկ ամիս առաջ քրիստոնէական գիւղեր մուտք գործելով՝ շարք մը անձեր, ներառեալ մանուկներ սպաննեցին։ Տեղւոյն բնակիչները տեղի ունեցածը «ջարդ» մը կը նկատեն։Վատիկանի «Ֆիտես» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ իսլամական զինեալները մուտք գործած են Հոմսի Տուար գիւղը եւ անմիջապէս մարդ մը եւ անոր դուստրը մահապատիժի ենթարկած են ու անոնց դիակները հրկիզած, ապա եկեղեցին գրաւելով զայն օգտագործած են բնաչութեան դէմ արձակազէնութիւն կատարելու համար։ Քայիտայի առնչուած Ժապհաթ ալ-Նուսրայի անդամ զինեալները շրջանին մէջ բնակող շուրջ 100 յոյն ուղղափառ ընտանիքները բախուստի մղած են։

«Ֆիտես» կը հաղորդէ, որ անոնցմէ շատեր ապաստանած են Հոմսի մօտ գտնուող հայ առաքելական ծուխ։Տեղւոյն իշխանութիւնները, Կարմիր խաչի աշխատակիցներն ու հոգեւորականներ մասնակից կը դառնան գաղթականներուն դպրոցներու եւ տեղւոյն կարգ մը ընտանիքներուն մօտ ապաստան տրամադրելու աշխատանքին։Տուարի դէմ յարձակումէն հազիւ երկու օր առաջ իսլամական զինեալներ ներխուժած էին Հոմս նահանգի մէջ գտնուող Ում Շարշուհ գիւղը, ուր թէեւ սպանութիւններու մասին տեղեկութիւններ գոյութիւն չունին, սակայն աւելի քան 250 քրիստոնեայ ընտանիքներ ստիպուեցան բախուստի դիմելու։Այլ կրօնական խմբաւորումներ եւս յարձակումներու թիրախ դարձած են։

Անցեալ ամիս սուրիացի ըմբոստներ յարձակում գործեցին Արեւելեան Սուրիոյ մէջ գտնուող գիւղի մը դէմ եւ տասնեակներով շիիներ սպաննեցին։Մարդասիրական օժանդակութեան խմբաւորումները կը յայտնեն, որ երկրին մէջ փոքրամասնութիւն եղող քրիստոնեաները յաճախ ընդդիմադիրներու եւ կառավարական ուժերու կողմէ յարձակումներու թիրախ դարձած են։ Գիւղերու դէմ կատարուած յարձակումներուն կողմքին շարք մը եկեղեցական ղեկավարներ իսլամական զինեալներու կողմէ առեւանգուած են եւ, ինչպէս վերջերս պատահեցաւ, մինչեւ իսկ գլխատուած։Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կաթողիկէ վարդապետ 49 ամեայ Ֆրանսուա Մուրատ նախագահ Ասատի կառավարութեան հետ գործակցելու ամբաստանութեամբ իսլամական զինեալներու կողմէ հրապարակաւ գլխատուեցաւ։ Երկու այլ անձեր եւս գլխատուած են, թէեւ տակաւին յստակ չէ, եթէ եկեղեցականներ են։

Աւելին, ասորիներու Հալէպի արքեպիսկոպոս Մար Կրեկորիոս Իպրահիմ եւ յոյն ուղղափառներու Հալէպի առաջնորդ Փոլ Եազիճի ապրիլին իսլամական զինեալներու կողմէ առեւանգուած էին եւ անոնց ճակատագիրը տակաւին անյայտ կը մնայ։Ֆրանչեսկոս պապը կոչ ուղղեց՝ Սուրիոյ մէջ առեւանգեալները ազատ արձակելու։Հազարաւոր քրիստոնեաներ բռնարարքներուն պատճառով բախուստի դիմած են։«Քրիշչըն էյտ» եւ «Օփըն Տորզ» կազմակերպութիւնները կը զգուշացնեն, որ տագնապին արդիւնքը ինչ որ ալ ըլլայ՝ անոնց իրենց բնակավայրեր վերադարձը դժուար պիտի ըլլայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.