December 06, 2025
Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Զինուած Ուժերու Միացեալ Մարզումներ
- (0)
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերը հայկական «Ալագեազ» լեռնային զօրավարժարանին մէջ 20 Օգոստոսին կատարած են ռազմական փոխգործակցութեան մարտավարական մարզումներ։ Հարաւային ռազմական շրջանի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ հայ-ռուսական միացեալ մարզումները պիտի տեւեն մինչեւ 24 Օգոստոս։
