Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Ապօրինութիւններու Լոյսին Տակ Լուռ Են Նաեւ Միջազգային Կազմակերպութիւնները»
16 յուլիսին, դատարանի բակին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այն, ինչ որ կը կատարուի մեր երկրին մէջ, Հայաստանի նորանկախ պատմութեան մէջ նման խայտառակութիւն, իրաւական եւ քաղաքական «քաոս» չէ եղած:
Երէկ դատարանին մէջ քննուեցաւ Սիսիանի համայնքապետ Արթուր Սարգսեանը կալանաւորելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը:
«Եթէ փորձեմ քաղաքական, իրաւական եզրոյթներով բնութագրել կամ գնահատել իրավիճակը, շատ դժուար է: Մէկ մարդ, որ կասկածելի ընտրութեան հիմամբ վերարտադրուած է, պարզապէս կը փորձէ երկրին մէջ հաստատել բռնապետութիւն: Ասիկա ակնյայտ քաղաքական հետապնդում է: Ի՞նչ կը նշանակէ ընդդիմադիր կուսակցութեան ցանկէն պատգամաւորի թեկնածուներուն նման խայտառակ, կեղծ մեղադրանքներով բերման ենթարկել ու կալանաւորել: Այս ամէնը չի կրնար լաւ աւարտ ունենալ: Ասիկա մեզ պիտի հասցնէ նոր ճգնաժամի, ասիկա մենք պիտի չհանդուրժենք, երբեք չենք կրնար համակերպիլ այս իրավիճակին հետ եւ ըսած ենք, որ քաղաքական հետապնդումներէ զատ այս ամէնը կը կատարուի նաեւ յատուկ նպատակով` Սիւնիքը տկարացնելու, մեր դիմադրողականութիւնը կոտրելու ու ցաւոտ, նոր զիջումներու երթալու համար», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Սաղաթէլեան նշեց, որ եթէ երկրին մէջ չկան Սահմանադրութիւն, իրաւական լուծումներ, ապա «Հայաստան» դաշինքի օգտին ընտրած քաղաքացիները պէտք է պայքարին գործող իշխանութեան դէմ:
Անդրադառնալով Երասխի հատուածին վրայ ազրպէյճանական կողմի աշխուժութեան` Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Մենք ըսած ենք, որ այս իշխանութեան վերարտադրութիւնը հաւասար է պետականութեան կորուստին: Քանի այս իշխանութիւնը կայ, դուք ամէն առաւօտ սպասեցէ՛ք հերթական վատ լուրին: Եթէ Ալիեւը կ՛ըսէ` մենք ունինք Արեւելեան Զանգեզուր, կ՛ուղղուինք Արեւմտեան Զանգեզուրը վերցնելու, կը խօսի արդէն Երեւանի, Սեւանի մասին, իսկ այս մարդը մեր ժողովուրդը կը ձերբակալէ: Կը ձերբակալէ այն մարդիկը, որոնք կը կազմակերպէին իրենց մարզի ինքնապաշտպանութիւնը: Նոր գերիներ, նոր կորուստներ, ինչո՞ւ բանակէն կը հեռացնեն ամէնէն կայացած, ամէնէն մարտական հրամանատարները: Այս ամէնը կը քողարկէ տարբեր կեղծ, ծիծաղելի, արդէն զզուելի, բայց երբեմն ժողովուրդի ականջին հաճելի կարգախօսներով»:
Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ այս ապօրինութիւններուն լոյսին տակ լուռ են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւնները: