«Հայաստան» Դաշինքի Անդամ Փրոֆ. Արմէն Չարչեան Մէկ Ամիսով Կալանաւորուեցաւ
23 յունիսին «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի ղեկավար, փրոֆեսէօր Արմէն Չարչեան մէկ ամիսով կալանաւորման դատապարտուեցաւ: Նոյն օրը երեկոյեան սրտի կաթուածի պատճառով ան տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց: Այս տեղեկութիւնը հաստատեց անոր փաստաբանը` Էրիկ Ալեքսանեան:
Չարչեանը, որ «Հայաստան» դաշինքի անդամ է, կը մեղադրուի Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 154.2-րդ յօդուածի յատկանիշներով` ընտրողներուն կաշառք տալ-ստանալ, ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութեան արգելքի խախտում կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացման խոչընդոտում:
Արմէն Չարչեան իրեն առաջադրուած մեղադրանքը մերժեց:
«Հայաստան» Դաշինքը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Արմէն Չարչեանի Կալանաւորումը
«Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանն այսօր բաւարարել է Յատուկ քննչական ծառայութեան միջնորդութիւնը «Հայաստան» դաշինքի անդամ, «Իզմիրլեան» Բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Չարչեանին կալանաւորելու վերաբերեալ: «Հայաստան» դաշինքը իր ընտրական ցուցակի 20-րդ համար, փրոֆ. Արմէն Չարչեանի կալանաւորումը գնահատում է որպէս բացայայտ քաղաքական հետապնդում, որը կիրառւում է փաստացի ընտրութիւններից ամիջապէս յետոյ ձեւաւորուած խորհրդարանական ամենամեծ ընդդիմադիր ուժի դէմ: Իրենց այս եւ անցած օրերին գրանցուած այլ քայլերով իշխանութիւնները շատ ուղիղ ցոյց տուեցին, որ նուիրուած են մնում երկիրը ապօրինութիւններով կառավարելու, իսկ իրականում` պետութիւնը քայքայելու գործելաոճին: «Հայաստան» դաշինքը խստօրէն դատապարտում է անուանի բժիշկ Արմէն Չարչեանի կալանաւորումը եւ անելու է առաւելագոյնը` արդարութիւնը վերականգնելու համար:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԴԱՇԻՆՔ