Քոչարեան. «Ժողովուրդը Պիտի Որոշէ Ինչպիսի Հայաստան Ունենալ»

այս ընտրութիւններուն իր յայտը ներկայացուցած է. «Մենք եկած ենք մեր ժողովուրդին բերելու յաղթանակ, մեր ժողովուրդին մէջքը ուղղելու», հաստատեց Ռուստամեան:

Ան նշեց, որ ինչքան ալ դժուար ըլլայ վիճակը, իրենք վստահ են, որ  ժողովուրդը, միակամ ըլլալու պարագային, որեւէ դժուարութիւն կրնայ յաղթահարել, եւ անպայման պիտի ունենան այդ յաղթանակի բերկրանքը:

«Այս ընտրութիւնը այդ առումով ճակատագրական է, ասիկա սովորական ընտրութիւն չէ. մենք կ՛ուղղուինք շատ յստակ խնդիր լուծելու` մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ մեր ժողովուրդը, մեր երկիրը այս մղձաւանջէն, այս անկումային վիճակէն հանենք եւ զարգացման կայուն հեռանկար ունեցող հուն տեղափոխենք», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Դէպի ուժեղ Հայաստան երթալը, ըստ Ռուստամեանի, կ՛ենթադրէ երկու կարեւոր փուլերու յաղթահարում` առաջինը` երկիրը նիկոլական իշխանութենէն (ատիկա ո՛չ միայն Նիկոլն է, այլեւ նիկոլականութիւն է ընդհանրապէս) ազատիլն է եւ մենք պէտք է ունենանք առանց Նիկոլի Հայաստան: Իսկ երկրորդը` մենք կու գանք հասկնալու, թէ ինչպիսի՛ հետեւանքներու առջեւ պիտի կանգնի մեր երկիրը Նիկոլի աւերածութիւններէն ետք:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.