Ժողովրդային Խոր Ընդվզում` Դիահերձարանին Մէջ Յայտնուած Հայ Նահատակ Զինուորներու Աճիւններու Լուսանկարներէն

1 յունիսին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը, արձագանգելով 31 մայիս 2021-ին հրապարակուած Աբովեանի թոքախտաւորներու հիւանդանոցի դիահերձարանի լուսանկարներուն (նկուղի մը մէջ գետինը նետուած հարիւրաւոր նահատակ զինուորներու մարմիններ եւ մասունքներ), հաստատեց, որ լուսանկարները Աբովեանի դիահերձարանէն են` միաժամանակ պնդելով, թէ այդ պայմանները կը բաւարարեն դիակներու պահման պահանջները:

Աւելի ուշ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ ունին նահատակ զինուորներու 50 մասունք, որոնք քանի մը անգամ ենթարկուած են փորձաքննութեան, բայց կարելի չէ եղած «Տի.Էն.Էյ.»-ը անջատել: Մնացած բոլոր դիակները փորձաքննուած են, որոնց մէկ մասը` ներկայ դրութեամբ 149-ը, ծնողներու տուեալներուն հետ չեն համընկնած:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատարը ներողութիւն խնդրեց զոհերուն հարազատներէն` նշելով. «Բացթողումս եղած է, որ որոշակի տեղափոխութիւններէ ետք անգամ մը եւս անձամբ չեմ այցելած եւ պահպանման մանրամասնութիւնները ստուգած»:

Երէկ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան  պատասխանատու գերատեսչութիւններուն յանձնարարեց ծառայողական քննութիւն կատարել այս հարցով:

Քննչական կոմիտէն հարցին մասին սկսած է նիւթեր նախապատրաստելու` չբացառելով, որ քրէական գործ յարուցուի:

Յայտնենք, որ դիահերձարանին մէջ յայտնուած զինուորներու դիակներու աճիւններուն եւ մասունքներուն լուսանկարները պատճառ դարձած էին ժողովրդային խոր ընդվզումի յառաջացման:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.