Ազրպէյճանցիները Կը Խախտեն Հայաստանի Պետական Սահմանը` Սիւնիքի Իշխանասար Լերան Ուղղութեամբ
12 մայիսին, ազրպէյճանական զինուած ուժերը կանուխ առաւօտեան, «սահմաններու ճշգրտման» հիմնաւորումով, փորձած են որոշակի աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ հայկական ստորաբաժանումներու ձեռնարկած միջոցառումներէն ետք ազրպէյճանցի զինուորականները դադրեցուցած են այդ աշխատանքները: Տեղի ունեցած են բանակցութիւններ` ստեղծուած իրավիճակը հարթելու նպատակով:
«Մամուլի մէջ տարածուող տեղեկութիւնները «Իշխանասարի ուղղութեամբ ընթացող մարտերուն մասին» չեն համապատասխաներ իրականութեան: Նման զարգացումներու պարագային պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս պիտի գար յայտարարութեամբ: Կոչ կ՛ուղղենք ձեռնպահ մնալ չճշդուած, աւելին` խուճապ տարածող տեղեկութիւններ հրապարակելէ», նշած են պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Նոյն օրը, Գորիսի համայնքապետարանի ներկայացուցիչները ահազանգեցին, որ Սիւնիքի մարզին մէջ Սեւ լիճի տարածքէն ազրպէյճանցիները անցած են Հայաստանի պետական սահմանը, խորացած 3 քիլոմեթր դէպի Վերիշէն բնակավայր:
Համացանցային տարբեր աղբիւրներ տեղեկութիւններ տարածեցին, թէ Իշխանասարի ուղղութեամբ մարտեր ընթացան. Սեւ լիճը Սիւնիքի ու Արցախի սահմանագլուխին` Իշխանասարի լանջին է:
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւս հերքեց Սիւնիքի մարզին մէջ մարտերու վերաբերեալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով եւ ընկերային ցանցերով տարածուող տեղեկութիւնները:
Միւս կողմէ, Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսէթ Պօղոսեան նշեց, որ այս մասին տեղեկութիւններ չունի` ենթադրելով, որ ազրպէյճանցիները ձիւնհալէն ետք կրցած են հասնիլ այդ բարձրադիր գօտին, ուր փորձած են ամրանալ: