Եգիպտոս Կը Հերքէ Ցեղասպանութեան Մասին Նախագահին Խօսքերը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութիւն չէ կատարած. Երեքշաբթի, Օգոստոս 20ին յայտնած է ՄԱԿի մօտ Եգիպտոսի մնայուն ներկայացուցչութեան բանբերը՝ աւելցնելով, որ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր «Թուիթըր»ի վրայ հաշիւ չունի:
Մէկ օր առաջ թրքական մամուլը եւս հաղորդած էր, թէ Եգիպտոսի իշխանութիւնները որոշած են ստորագրել միջազգային համաձայնութիւն մը, որ կը հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Թերթերը այս լուրը հաղորդած են՝ գործածելով մօտաւորապէս հետեւեալ խորագիրը. «Պետական հարուած իրականացնողներուն շնորհիւ՝ Հայկական նոր հարց մը եւս ունինք հիմա»։
Աւելի ուշ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լեւենտ Կիւմրիւքճիւ հերքեց այս լուրը եւ ըսաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ լուրը ճշմարտութեան չի համապատասխաներ։ «Եգիպտոսի իշխանութիւնները այդպիսի ազդանշան մը չեն տուած։ Մենք մեր սեփական աղբիւրներուն միջոցաւ ճշդեցինք, թէ հանրապետութեան նախագահ Ատլի Մանսուրի վերագրուած խօսքը անհիմն է», աւելցուց ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.