Վախճանած Է Շահան Արք. Սվաճեանը
Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբերի իր թիւով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ. «Այս առաւօտ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն մեզի տեղեկացուցին, թէ երկարատեւ հիւանդութենէ վերջ վախճանած էր իսթանպուլահայ եկեղեցւոյ սիրելի ու յարգարժան դէմքերէն Գերշն. Տ Շահան արք. Սվաճեան։ Շահան սրբազան ճիշդ վաթսուն տարուան նուիրեալ ծառայութիւն բերած էր իսթանպուլահայ եկեղեցական կեանքին եւ վայելած էր մեր ժողովուրդին ամբողջական սէրն ու յարգանքը»։
Մեսրոպ Բ. պատրիարքի հիւանդութեան շրջանին, ընդառաջելով Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեանի խնդրանքին, Շահան արք. Սվաճեան կը գլխաւորէ Կրօնական ժողովը, մինչեւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի ընտրութիւնը (1 Յուլիս 2010):
Մինչեւ իր առողջութեան վատթարացումը ան վարեց քարոզչական պաշտօն Պոլսոյ Ս. եկեղեցեաց մէջ:
«2013 տարուուայ Ս. Ծննդեան տաղաւարէն ետք ան սկսաւ վայելելու Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ասպնջականութիւնը, ուր իր բարի հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ կ՛աւանդէ 23 Սեպտեմբեր 2013, Երկուշաբթի առաւօտ», կը փոխանցէ «Մարմարա»: (Շահան արք. Սվաճեանի կենսագրութիւնը կարդալ էջ 7ի վրայ)