Զարաքօլու Ժամանակաւորապէս Ազատ Կ՛արձակուի
1538
0
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ Թուրքիոյ պետութեան պայքարին ծիրէն ներս ձերբակալուած Ռակըպ Զարաքօլու եւ 15 ուրիշներ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին ազատ արձակուած են բանտէն, մինչ անոնց դատավարութիւնը կը շարունակուի:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ այդ մասին իր «Պելկէ» հրատարակչութեան միջոցով շարք մը հատորներ հրապարակած Զարաքօլու, անցեալ տարուան Հոկտեմբերին ձերբակալուած էր, իսկ անցեալ շաբաթ դատախազութիւնը զայն մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտելու առաջարկ ներկայացուցած էր:
Զարաքօլուն եւ մնացածները ազատ արձակելու համար իբրեւ հիմնաւորում՝ դատարանը նշած է «կալանքի տակ մնալու ժամկէտը, յանցագործութեան բնոյթի փոփոխութեան հաւանականութիւնը եւ եղած փաստերը»: