Հայ Դատի Խորհրդաժողովն Ու Տարեկան Ձեռնարկը՝ Գոհաբանութեան Շաբաթավերջին
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր ղեկավարներու զարգացման անդրանիկ խորհրդաժողովը պիտի կայացնէ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25էն մինչեւ Կիրակի, Նոյեմբեր 27 երկարող Գոհաբանութեան օրուան շաբաթավերջին, որուն ընթացքին պիտի կայանայ նաեւ իր տարեկան ձեռնարկը՝ Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ի երեկոյեան, «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկին մէջ:
Նոյեմբեր 25-27 շաբաթավերջին, խորհրդաժողովին մասնակիցները ներկայ պիտի ըլլան շարք մը ներկայացումներու, սեմինարներու եւ աշխատանիստերու, որոնց գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ քաղաքական ղեկավարներու յաջորդ սերունդին պատրաստութիւնը:
Յատուկ քննարկումներ տեղի պիտի ունենան Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքին, Արցախի եւ æաւախքի ինքնորոշման իրաւունքին եւ հայկական եկեղեցիներու վերադարձը ապահովելու ջանքերուն նուիրուած: Դասախօսութիւններ պիտի տրուին նաեւ համացանցային ընկերային ցանցերը, պատկերասփիւռի հաղորդումներն ու շարժապատկերները լաւագոյնս քաղաքական նպատակներու համար օգտագործելու, ինչպէս նաեւ հանրային յարաբերութեանց, քաղաքական ընտրապայքարներու ու անոնց համար դրամահաւաքներու, համալսարանական ու դպրոցական դասընթացքներու վրայ ազդեցութիւն ունենալու կարելիութեանց շուրջ:
Տարեկան ձեռնարկը, որուն ընթացքին անգամ մը եւս պիտի ներկայացուի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնն ու իրագործումը, նաեւ առիթ մը պիտի ըլլայ պատուելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում բերած են Հայ Դատի աշխատանքներուն: