Գանատայի, ԱՄՆի եւ Հարաւային Ամերիկայի հայ խմբագիրներու տարածաշրջանային առցանց ժողով

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի կազմակերպութեամբ, 10 դեկտեմբերի  կայացաւ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ գործող խմբագիրներու տարածաշրջանային առցանց ժողովը: Համակարգող խորհուրդի անդամներուն առընթեր ժողովին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն «Ասպարէզ»-ի, «Նոր Օր»-ի, «Պայքար»-ի, «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր»-ի եւ «Հայրենիք»-ի , Քանատայէն «Հորիզոն»-ի, իսկ Արժանթինէն «Արմենիա»-ի եւ «Սարդարապատ»-ի գլխաւոր խմբագիրներն ու տնօրէնները:

Իւրաքանչիւր մամլոյ ներկայացուցիչ զեկուցեց իր ղեկավարած թերթի վերջին շրջանին տարած աշխատանքներուն, համավարակի պատճառով ստեղծուած զանազան դժուարութիւններուն եւ արցախեան պատերազմի օրերուն լրատուութիւնը կազմակերպելու պայմաններուն մասին:

Յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ պատերազմի օրերուն պաշտօնական լրահոսի գետնի վրայ արձանագրուած իրադարձութիւններուն անհամապատասխանելիութիւնը, ինչ որ բաւական դժուարացուցած է մամուլի գործը:

Նշուեցաւ, որ տարածաշրջանային ժողովներու աւարտէն ետք կը մտածուի միացեալ հարթակով քննարկել ընդհանրապէս հայկական տեղեկատուական քաղաքականութիւնը եւ  վերջին իրադարձութիւնները` նկատի ունենալով այս ոլորտը վերակազմակերպելու հրամայականին ընդառաջ կազմակերպել համահայկական քննարկումներ:

Առցանց ժողովին հնչեցին ինչպէս միացեալ հարթակի ձեւաւորման, այնպէս ալ համահայկական նշանակութիւն ունեցող թղթածրարներու մասին միացեալ հրատարակութիւններ իրականացնելու մասին առաջարկներ:

Նշենք, որ կայացած են նաեւ Միջին Արեւելքի, Եւրիոայի, Աւստրալիոյ եւ Ռուսաստանի հայկական լրատուամիջոցներու տարածաշրջանային ժողովները։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.