December 05, 2025
Ոստիկանատուն Տարուած Է 69 ՀՀ Քաղաքացի
- (0)

ՀՀ կառավարութեան շէնքը շրջափակած քաղաքացիներէն 69 անձ ոստիկանատուն տարուած է: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ոստիկանութեան լրատուական բաժինի ներկայացուցիչը:
Նշենք, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժման որոշումով, այսօր քաղաքացիները շրջափակած էին ՀՀ կառավարութեան շէնքի բոլոր մուտքերը՝ արգիլելով պաշտօնեաներուն եւ կառավարութեան անդամներուն ելումուտը: Ցոյցի մասնակիցները վանկարկած են «Նիկոլ, դաւաճան», «Նիկոլ, հեռացիր» եւ այլն՝ պահանջելով Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը: