ՀՕՄի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանը 250,000 Տոլարով Կ՛աջակցի Արցախի 1000 Ընտանիքներու
Հայ Օգնութեան Միութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ մեր հայրենակիցներուն համար հսկայական ու հերոսական աշխատանք կը կատարէ: ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը եւ իր մասնաճիւղերը Արցախեան պատերազմի առաջին օրէն սկսան ձեռնարկել բազմազան աշխատանքներու, ներառեալ նիւթական՝ 250,000 տոլարի փոխանցում մը ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան միջոցաւ. նաեւ որպէս դեղորայքի օժանդակութիւն, Հայաստան առաքեց անհարաժեշտ իրեր՝ 950 արկղերով:
Այսու կը յայտարարենք, թէ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը որդեգրեց «Թիկունք Կանգնիլ Արցախահայ Ընտանիքին» ծրագրին, զոր նախաձեռնած է ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, ի միտի ունենալով նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել տեղահան եղած արցախահայ ընտանիքներուն: Առ այդ, շրջանս կը ստանձնէ 1000 ընտանիքի հովանաւորութիւնը՝ իւրաքանչիւր ընտանիքին տրամադրելով 250 տոլար գումար մը, ընդհանուր գումարը՝ 250,000 տոլար, հոգալու համար սննդեղէնի, հագուստեղէնի եւ կենցաղային ծախսերը:
Կը խոնարհինք Արցախի հողի պաշտպանութեան համար իրենց թանկագին կեանքը նուիրաբերած հերոսներու յիշատակին դիմաց, կը կիսենք ցաւն ու մորմոքը անոնց ծնողներուն, այրիներուն, զաւակներուն եւ հարազատներուն ու կը հաւաստիացնենք, որ համահայկական ուժերու միասնակամ լարումով պիտի ձեռնարկենք փրկութեան աշխատանքին, որպէսզի ապրի հայութիւնը, կանգուն մնան Հայաստանն ու Արցախը եւ, վերջապէս, ապարդիւն չդառնայ մեր ընտրեալ հայորդիներու թափած թանկ արիւնը:
ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի մեծ ընտանիքը կու գայ հաստատելու, որ իւրաքանչիւր նահատակի հետ մեծցած է պատասխանատուութեան իր բաժինը՝ հանդէպ իր ժողովուրդին եւ անոր բազմաչարչար հայրենիքին:
Այսօր այստեղ կ՛ուզենք երախտագիտութեամբ հաստատել նաեւ, որ մեր մասնաճիւղերը եւ անդամները ու համայնքը միշտ պատրաստ գտնուեցան ՀՕՄի ծրագիրներուն համար տարուող բոլոր ճիգերուն, յանուն Արցախին եւ յանուն հայութեան, օրհասական այս պայմաններուն մէջ:
Նուիրատուները կրնան աջակցիլ՝ դիմելով ՀՕՄի Շրջանային գրասենեակը՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ այցելելով www.arswestusa.org/donate կայքէջը:
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն