Սպանիոյ Քոնկրեսի 21 Երեսփոխան Եւ 15 Ծերակուտական Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղեն Ճանչնալու Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը
2397
0
Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ Քոնկրեսի անդամ 21 երեսփոխաններ եւ 15 ծերակուտականներ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտող միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած են:
«Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` Արցախի քաղաքացիներու խաղաղ կեանքի իրաւունքը ապահովելու նպատակով», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: