Ամփոփագիր Հայ Դատի Գրասենեակներուն Եւ Յանձնախումբերուն Կողմէ Կատարուած Աշխատանքներուն (27 Սեպտեմբեր – 01 Հոկտեմբեր 2020)
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակը այս գրութեամբ կը սկսի մամուլի համար ամփոփագիրներու պարբերական հրապարակումներ, որոնց նպատակն է համառօտ ներկայացնել Հայ դատի համաշխարհային ցանցին կողմէ այս օրերուն իրականացուող լայնածաւալ եւ բազմաշերտ աշխատանքներու աւելի ակներեւ արդիւնքները` ըստ տարածաշրջաններու:
Սոյն ամփոփագիրով կը ներկայացուի Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու նախընթաց աշխատանքներուն կարեւոր ձեռքբերումները` 27 սեպտեմբերէն:
27 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակումի սանձազերծումէն ետք, ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը ամբողջ աշխարհի մէջ ձեռնմուխ եղած են Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու շահերու պաշտպանութեան եւ առարկայական տեղեկատուութեան ներկայացման:
Մասնաւորապէս`
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
1) Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի (Armenian National Committee of America), երկրի ամբողջ տարածքին մէջ գործող յանձնախումբերու աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած է արձանագրել շօշափելի արդիւնքներ Ամերիկայի հանրային կարծիքին վրայ ներազդելու եւ այդ գործին մէջ հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներ ներգրաւելու առումով:
2) Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի բազմաթիւ անդամներ` ինչպէս Ծերակոյտէն, այնպէս ալ Ներկայացուցիչերու տունէն, տարածած են յայտարարութիւններ, որոնցմով դատապարտած են Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան` ազատ եւ անկախ Արցախի Հանրապետութեան դէմ ռազմական յարձակման համար, յարձակում, որ ընդլայնուած է նաեւ դէպի Հայաստան: Քոնկրեսականներու կարգին են այնպիսի յայտնի անուններ, ինչպիսիք են Ռոպերթ Մենենտեզը, Էտ Մըրկին, Ճուտի Չուն, Ճիմ Քոսթան, Պրենտա Լոուրենսը, Ֆրանք Փալոնը, Էտըմ Շիֆը, Լինտա Սանչեսը, Պրետ Շերմանը, Լորի Թրահան եւ ուրիշներ:
3) Յատկանշական է, որ մինչ օրս Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի որեւէ անդամ անգամ չէ փորձած արդարացնել թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը:
4) Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կոչ ուղղած է անյապաղ քայլերու ձեռնարկել Պաքուի մէջ Ալիեւի իշխանութեան տրամադրուող Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու եւ Թուրքիոյ դէմ լայն ռազմական եւ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկելու համար: Յանձնախումբի այս կոչին միացած են մեծ թիւով քոնկրեսականներ:
5) Յարձակումէն ետք առաջին 48 ժամուան ընթացքին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ իր աջակիցները աւելի քան 100.000 նամակ ուղարկած են Սպիտակ տուն, մասնաւորապէս յորդորելով դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ազրպէյճանին, պատժել ՕԹԱՆ-ի «դաշնակից» Թուրքիան:
6) Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած են երկու բանաձեւերու նախագիծեր, որոնց նպատակն է դատապարտել թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը եւ ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը:
Գանատա
Ազրպէյճանաթրքական յարձակողապաշտութեան նկատմամբ արտաքին քաղաքական հակազդեցութիւն ապահովելու նպատակով Հայ դատի Գանատայի յանձնախումբի աշխատանքները ծաւալած են քանի մը ուղղութիւններով:
1) Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ սանձազերծուած յարձակումը դատապարտած է Արցախ-Գանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ռ. Հարտերը: Վերջինս պաշտօնական գրութեամբ դիմած է արտաքին գործոց նախարար Ֆ.Ֆ. Շամփայնին` նկատելով, որ «առանց դատապարտման, Քանատան եւ մնացեալ միջազգային հանրութիւնը միայն պիտի խրախուսեն Ազրպէյճանը` շարունակելու կատարել յանցագործութիւններ: Քանատան պէտք է գործէ հիմա, քանի դեռ շատ ուշ չէ»:
2) Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակումը եւ թրքական ապակայունացնող ներգրաւուածութեան վերաբերեալ կարծր քննադատութեամբ հանդէս եկած է Հայաստան-Քանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը` ի դէմս խումբի համանախագահ Պրայան Մէյի:
3) Յատկանշական է, որ Գանատական հասարակական-քաղաքական շրջանակներու մէջ, Հայ դատի յանձնախումբի հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ, մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ ներկայիս լայնօրէն կիրարկուող թրքական արտադրութեան անօդաչու սարքերու մէջ քանատական տարբեր մանրամասնութիւններու առկայութիւնը: Այս հարցով բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ տարբեր ուղերձներ յղած են քանատական կառավարութեան` կոչ ուղղելով դադրեցնելու բոլոր տեսակի ռազմական կիրարկութեան արտադրանքի վաճառքը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին:
4) Ընդհանուր առմամբ, Գանատական քաղաքական, հասարակական, տարածքային կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մակարդակներու վրայ քանի մը տասնեակի հասնող գործիչներու կողմէ դատապարտուած է թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը:
5) Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը սկսած է ստորագրահաւաքի, որով իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու ռազմական նշանակութեան արտադրութեան վաճառքը Թուրքիոյ: Աշխատանքները աշխուժօրէն կը շարունակուին:
Եւրոպա
Եւրոպական 14 երկիրներու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքը կը համակարգէ Պրիւքսելի մէջ տեղակայուած ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը: Գրասենեակը մեծ աշխուժութեամբ կ՛աշխատի յատկապէս համաեւրոպական հարթութեան վրայ` հայրենիքի արտաքին շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
1) Անցնող օրերուն ընթացքին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը մեծ աշխատանք կատարած է եւրոպական լսարանին, քաղաքական շրջանակներուն եւ լրագրողական հանրութեան առկայ տեղեկատուութեան ներկայացման համար:
2) Եւրոպական խորհրդարանի «Եւրոպայի նորացում» քաղաքական խումբի թիւվ 6 երեսփոխաններ գրաւոր հարցումով դիմած են Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձր յանձնակատար Ժ. Պորելին` բարձրացնելով ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը, Թուրքիոյ անօրինական ներգրաւուածութեան եւ Սուրիոյ ահաբեկիչները մարտական գործողութիւններու մէջ ընդգրկելու մասին:
3) Խնդիրին անդրադարձած եւ կատարուողը խստագոյնս քննադատած է Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի փոխնախագահ, Ֆ. Մ. Քասթալտոն: Ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտած են Եւրոպական խորհրդարանի շուրջ չորս տասնեակի հասնող երեսփոխաններ:
4) Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան քաղաքական խումբի եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու քաղաքական խումբի` արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի համակարգողները` Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Մայքլ Գալլերը, Թոնինօ Փիքուլաչը կոչ ուղղած են Ազրպէյճանին դադրեցնելու ռազմական յարձակումը Արցախի վրայ, նշելով, որ Ազրպէյճանը պէտք է անյապաղ վերադառնայ բանակցութիւններու սեղան եւ յարգէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:
5) Յարձակումը դատապարտելու եւ կանխելու կոչով` Եւրոպական խորհրդարանի շարք մը երեսփոխանններ, անհատական կամ խմբային գրութիւններ յղած են Եւրոպական Միութեան ղեկավար կառոյցներու ներկայացուցիչներուն:
6) Հայ դատի Պրիւքսելի գրասենեակը աշխուժօրէն աշխատանքներ կը կատարէ Եւրոպական Միութեան ղեկավար բոլոր կառոյցներու շրջանակներուն մէջ առարկայական տեղեկատուութեան ձեւաւորման եւ ըստ այդմ անհրաժեշտ հակազդեցութեան հասնելու համար:
7) Համաեւրոպական մակարդակէ բացի աշխատանքներ կը կատարուին նաեւ անդամ պետութիւններու քաղաքական շրջանակներու հետ: Կատարուածը արդէն իսկ դատապարտած են Պելճիքայի Ֆլամանտական եւ ֆրանսախօս խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ:
8) Եւրոպայի տարածքին գործող ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը իրենց երկիրներուն մէջ կը շարունակեն աշխուժօրէն իրականացնել քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներ, համագործակցիլ յառաջատար լրատուական միջոցներու հետ: Այս առումով դրական արդիւնքներ կան Յունաստանի, Կիպրոսի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ մէջ եւ այլ երկիրներու մէջ:
Աւստրալիա
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը եւս կ՛աշխատի ինչպէս դաշնակցային, այնպէս ալ տեղական մակարդակներու վրայ: Ամբողջ կարողականութեամբ յանձնախումբը աշխատանքներ կը կատարէ քանի մը ուղղութիւններով` լրատուական-քարոզչական եւ քաղաքական-յարաբերական: Այս առումով, աւստրալիական պետական իշխանութեան ներկայ ու նախկին բազմաթիւ պաշտօնեաներ հանդէս եկած են ազրպէյճանաթրքական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող եւ երկրի իշխանութիւններուն գործուն քայլերը դրդող յայտարարութիւններով: Կարեւոր է ընդգծել, որ ազրպէյճանաթրքական յարձակումը խստօրէն դատապարտած են Աւստրալիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի համանախագահներ Թրենթ Զիմմերմանը եւ Ճոլ Ֆիցկիպենը` կոչ ուղղելով Ազրպէյճանին անյապաղ դադրեցնել Արցախի եւ Հայաստանի վրայ յարձակումը, ինչպէս նաեւ ընդգծելով տագնապին մէջ Թուրքիոյ անօրինական ներգրաւուածութիւնը: