Մեր դիմաց կանգնած են մեծ մարտահրաւէրներ. Հարցազրոյց Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեանի հետ
հարցազրոյց Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեանի հետ
«Ցարդ ունեցած ենք մեծ յաջողութիւններ, սակայն մեր դիմաց կանգնած են մեծ մարտահրաւէրներ եւ ունինք հսկայական ակնկալիքներ. այս իմաստով ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին»
«ՀՈՐԻԶՈՆ»ի հարցազրոյցը Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեանի հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան՝ Արցախի վրայ ատրպէյճանաթուրքական յարձկակապաշտ ռազմական գործողութիւններէն անմիջապէս ետք Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի կատարած լայնածաւալ աշխատանքները, դիւանագիտական ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները։
Նշենք, որ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին ու շրջանային յանձնախումբերու տարած ճիգերուն իբրեւ արդիւնք՝ պետական նախարարներ, Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամներ, Գանատայի խորհրդարանի Գանատա-Արցախ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարաական կուսակցութիւններ դատապարտեցին ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու բռնութիւնները։
Իսկ Սեպտեմբեր 30-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ Գանատայի արտգործ նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին ուղղուած ստորագրահաւաք-նամակարշաւ մը, որպէսզի ան դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններն ու կասեցնէ գանատական զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ։
Նամակին մէջ կը նշուի, որ Գանատայի Հայ համայնքը կը պահանջէ, որ Գանատայի կառավարութիւնը
- Դատապարտէ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը,
- Պահանջէ Թուրքիոյ ռազմական եւ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան դադրեցումը Արցախեան հակամարտութեան մէջ,
- Անյապաղ դադրեցնէ գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ։
https://www.facebook.com/120633978044872/videos/2706721229645772