Գանատայի խորհրդարանի նիստին երեսփոխան Հան Տոնկ ոգեկոչեց Սեւրի պայմանագրի յոբելեանը. Գանատայի խորհրդարանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը նշուի Սեւրի պայմանագրի ծիրէն ներս հայութեան իրաւունքներուն մասին
Սեպտեմբեր 25-ին կայացած Գանատայի խորհրդարանի հերթական նիստին ընթացքին, իշխող Ազատական կուսակցութեան երեսփոխան Հան Տոնկ յատուկ ընթերցմամբ ոգեկոչեց Սեւրի պայմանագրի 100-ամեայ յոբելեանը, նշելով, որ պայմագրի Հայաստանի վերաբերող յօդուածներու ծիրէն ներս՝ նախատեսուած էր Պատմական Հայաստանի տարածքներ միացնել Հայաստանի ինքնիշխան հանրապետութեան։ Ան նաեւ նշեց, որ յիշեալ ժամանակահատուածին Գանատան Հայաստանի հանդէպ ունէր մարդասիրական եւ քաղաքական պարտաւորութիւններ։ Երեսփոխան Հան Տոնկ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ կը միանայ գանատահայ համայնքին Սեւրի պայմանագրի հարիւրամեայ յոբելեանը յիշատակելու գծով։
Նշենք, որ Գանատայի խորհրդարանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը նշուի Սեւրի պայմանագրի ծիրէն ներս հայութեան իրաւունքներուն մասին։
Օնթարիօ նահանգի Տոն Վալի Նորթ ընտրատարծքի ընտրեալ երեսփոխան Հան Տոնկ անդամ է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ սերտօրէն համագործակցող Գանատայի խորհրդարանի Հայաստան-Գանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան։