Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու եւ խորհրդարանի անդամ Էրին Օթուլ զօրակցութիւն կը յայտնէ հայ ժողովուրդին
2098
0
Յուլիս 20-ին, Թուիթըրի ցանցերուն վրայ կատարուած գրառումով մը, Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնի թեկնածու եւ խորհրդարանի անդամ Էրին Օթուլ անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերջին զարգացումներուն՝ զօրակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին։ Ան գրած է. «Հայ ժողովուրդի կողքին եմ, վշտակցութիւն կը յայտնեմ զոհուած հայ զինուորներու կորուստին համար եւ հրադադարի կոչ կ՚ուղղեմ»։