Ուխտագնացութիւն դէպի Արեւմտահայաստան. Վերադարձ դէպի արմատներ Սեբաստացի ընկեր Մուրատի երկիր
Վիգէն Գէորգեան
Նախաձեռնութեան երկրորդ տարին էր, երբ մեր ուխտաւորներու խումբը, անցնելով Այնթէպ, Ատանա եւ Սիս քաղաքներէն, հասած էր Սեբաստիա (ներկայիս՝ սըվազ), ուշ գիշերին երկար ճանապարհ կտրելէ ետք: Քաղաքը գրեթէ ամայացած էր, հետեւաբար հազիւ թէ կրցանք ընթրելու համար տեղ մը գտնել: Տեղաւորուեցանք պանդոկին մէջ՝ բաւական յոգնած:
Իմ շատ սիրելի սենեկակիցս` Գէորգը, փափաքեցաւ զովացուցիչ մը առնել, ձայնեցինք սպասարկութեան, շուտով ներկայացաւ երիտասարդ մը եւ հարց տուաւ, թէ ի՛նչ կը նախընտրենք՝ թուելով երեք տեսակներ: Կանխելով Գէորգը՝ արագ մը պատասխանեցի. «Չի խանգարեր, ազատ զգացէք, բերէք այն, ինչ որ դուք կը նախընտրէք. կ’ուզենք ձեր ճաշակին հետեւիլ»: Այդ միջոցին յայտնեցի Գէորգին, թէ որ տեսակը պիտի հրամցնէ մեզի: Համալսարան յաճախող եւ պանդոկին մէջ որպէս գիշերային սպասաւոր աշխատող թուրք երիտասարդը շատ չանցած ներկայացաւ մեզի հրամցնելու CokA-TURKA-ն: Երբեք զարմանք չպատճառեց մեզի իր այս արարքը. ուզեցինք պարզապէս երիտասարդը փորձարկել:
Ահա թէ ինչպէ՛ս ազգերու ինքնութիւնը պահպանելու գործընթացին մէջ ամենէն աննշան նկատուող բաներն անգամ իրենց կարեւորութիւնը ունին սերունդի դաստիարակութեան համար: Անցանք քնանալու, մտածելով թէ յաջորդ օրը ինչքան հետաքրքրական պիտի ըլլայ:
Առաւօտուն պանդոկին մուտքին կեցած, գէշ սովորութեանս համաձայն՝ ծխախոտ մը վառած էի, նկատեցի, թէ մեր խումբի անդամները սկսան ուղղուիլ դէպի նախաճաշի սրահը: Նոյն պահուն պանդոկին մուտքի սրահին կեդրոնը, մեր ուղեւորութեան կազմակերպիչ սիրելի ընկեր Վարդանը կը խօսակցէր մուսալեռցի տիկնոջ մը հետ, որ հարս եկած էր Սեբաստիա: Ան մեզի պիտի ծանօթացնէր քաղաքը:
Նոյն պահուն անակնկալօրէն կոպիտ ձայն մը բարձրացաւ պանդոկի ընդունելութեան պաշտօնեային կողմէ, որ խօսքը ուղղելով նախաճաշի պատրաստուող մեր խմբակի անդամներուն՝ կ“ըսէր, թէ սօյգըրըմ (ցեղասպանութիւն) չէ եղած, եւ այդ բոլորը սուտ ու յօրինուած պատմութիւն է: Արագ քայլերով մօտեցայ թրքախօս մուսալեռցի տիկնոջ եւ խնդրեցի, որ փոխանցէ պաշտօնեային, թէ եթէ հանդարտ մնայ՝ կը փորձեմ պատասխան տալ իրեն: Պաշտօնեան ջղային ու վրդոված՝ անցաւ ընդունելութեան սեղանին ետեւը եւ շարունակեց իր սովորական աշխատանքը:
Անկեղծօրէն՝ զիս երբեք չզայրացուց իր մօտեցումը, բայց որոշեցի անպատասխան չձգել իր արարքը: Առանց մտքերս նախապատրաստելու՝ մի քանի վայրկեան սպասեցի, որպէսզի մեղմանայ մթնոլորտը, ապա քովը գացի: Երկվայրկեաններ ետք բարձրացնելով դէմքը՝ նկատեց զիս. սահուն թրքերէնով յայտնեցի, թէ կ’ուզեմ իր ժամանակէն խլել, եթէ առիթ ունի. միջոցին կուրծքին վրայ նկատեցի Ալբաստան Թուրքէշի հիմնած ազգայնամոլ կուսակցութեան (MHK) նշանը, հետեւաբար մտքիս մէջ ձեւաւորուեցաւ զրոյցիս նախաբանը, մինչ ինք քիչ մը զիս չափչփելէ ետք՝ պույըր (հրամմէ) ըսաւ:
Զգացուած իր արտայայտութենէն՝ սկսայ յայտնել իմ ընդվզումս. «Յարգելի՛ բարեկամ, իմ հասկացողութեամբս մարդ արարածը պէտք է օժտուած ըլլայ հետեւեալ երեք արժանիքներով. մարդկային, ազգային եւ կրօնական. եթէ նոյնիսկ իմ հաշուած կարգն անգամ կը տարբերի, այդ համոզումը ընդունելի չէ մեզի համար: Տեսէ՛ք՝ ես ազգասէր եմ եւ հպարտ, բայց ազգայնամոլ չեմ»: Թեթեւ ժպիտ մը ուրուագծելով դէմքին վրայ՝ հարց տուաւ. «Ինծի՞ պէս», պատասխանեցի. «Խոստովանեցաք արդէն: Ես պիտի չխօսիմ ցեղասպանութեան փաստերուն մասին, բայց դուք ժողովրդային առակ մը ունիք, որ կ“ըսէ, թէ մարդ մը առաջին յարկէն վար կ“իյնայ, ու ոտքը կը կտրուի. ընկերները հաւաքուելով իր շուրջը կ’ըսեն, թէ իրենք կը զգան իր ցաւը: Գետին փռուած մարդը կ’ըսէ. «Ո՛չ, գացէք գտէք մէկը, որ ինծի պէս առաջին յարկէն ինկած է, միայն ան կը զգայ, թէ ես հիմա ի՛նչ ցաւ կ’ապրիմ»: Բարեկա՛մ,- շարունակեցի ես,- հայուն ցաւը զգալու համար՝ հա՛յ պէտք է ըլլալ»:
– Իմ մեծ հայրս Մուշի Սոլտար գիւղէն էր: Անցեալ տարի մենք անցանք այդ գիւղէն, որ կը գտնուէր Սուլուխի կամուրջէն դէպի Սուրբ Կարապետ վանքի ճանապարհին վրայ: Այդ ուղեւորութեան ընթացքին ես ապրեցայ այն տառապանքը, որուն ենթարկուած էր իմ մեծ հայրս՝ որբանալով ինը տարեկան մանուկ հասակին: Ան նկատած էր իր հօրը կօշիկները իրենց քիւրտ դրացիին տան մէջ, ուր պատսպարուած էին ինքն ու մեծ եղբայրը, ապա առնելով հօրմէն յիշատակ մնացած կօշիկները՝ կ“որոշեն փախչիլ այդ տունէն, այսպիսով կը սկսէր իր ոդիսականը… ճանապարհին, մութին գլտորուելով կը կորսնցնէ հօրմէն մնացած միակ յիշատակը, որմէ ետք թշուառ կացութեան մատնուելով՝ կը մահանայ նաեւ եղբայրը, եւ ինք հրաշքով կը հասնի Հալէպ:- Ըսի ես ապա շարունակեցի.
– Դուք կ’ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս անցած է իմ մանկութիւնս, երբ Կիրակի օրերը կը հաւաքուէինք սեղանին շուրջ, մեծ հայրս՝ Ազատը, լալով կ’աւարտէր աղօթքը եւ կ“ըսէր՝ կ’աղօթեմ, որ Աստուած խնայէ ձեզ եւ չտեսնէք մեր ապրած օրերուն նման տառապալից օրեր:- խօսքս իրեն ուղղելով ըսի,- արդեօք դուք կրնա՞ք պատկերացնել նման զգացումներ ապրող սեղանակիցի մը հետ նստիլն ու պատառ կիսուիլը:
Նկատեցի, որ թուրք ազգայնամոլ զրուցակիցս երկար շունչ մը քաշելով կլլեց իր լորձունքը: «Բարեկա՛մ, ձեզմէ կը խնդրեմ, որ եթէ յետագային դարձեալ հայերու հանդիպիք, բաժնէք անոնց ահաւոր տառապանքը եւ կ’ուզեմ, որ դո՛ւք անուանէք այդ սարսափելի եղելութիւնը», ըսի ես՝ չհաւատալով թրքերէնով ունեցած արտայայտութիւններուս… Կարծէք ներքին ուժ մը կը խօսեցնէր զիս:
Շատ արագ, այդ կոպիտ արտայայտութեան տէրը մեղմութեամբ ըսաւ. «Պիտի խնդրեմ, որ ընդունիք սուրճի հրաւէրս: Ես ուրախ եմ ձեզի հետ ծանօթանալուս, իրապէս տպաւորուած եմ. հիմա կ’ուզեմ, որ լաւ լսէք զիս. եթէ օր մը պանդոկի մը տէր դառնամ, պանդոկին մուտքին անվարան կ’արձանագրեմ, թէ արաբներու եւ պարսիկներու կեցութիւնը արգիլուած է»: Ամենայն պարզութեամբ դիմաւորեցի ազգայնամոլին այդ տհաճ արտայայտութիւնը եւ սուրճին գաւաթը վերցնելով ումպ մը խմելէ ետք շարունակեցի ունկնդրել: «Դուք այսօր կէսօրին պիտի բաժնուիք պանդոկէն՝ բնականաբար յանձնելով սենեակները. որպէս թուրք կը վստահեցնեմ ձեզի, որ ոչ մէկ առարկայ պիտի պակսի, կամ որեւէ վնաս հասցուած պիտի ըլլայ սենեակներէն ներս: Հաւատացէ՛ք, մենք ձեզ լաւ կը ճանչնանք, դուք՝ հայերդ ույկար (քաղաքակիրթ) ժողովուրդ էք», այս խոստովանանքով աւարտեց իր խօսքը:
Նախ շնորհակալութիւն յայտնեցի հայոց նկատմամբ իր դրսեւորած տպաւորութեան համար, ապա փոխանցեցի, թէ չեմ կիսեր իր կարծիքը՝ արաբ եւ պարսիկ մեր դրացի եղբայրներուն նկատմամբ: Կարելի է համեմատաբար համաձայնիլ, բայց բոլորին վերագրել՝ կարելի չէ: նախադասութիւն մը ամբողջութեամբ սրբած եմ հոս Այսպիսով աւարտեցինք մեր զրոյցը:
Անդրադառնալով Սեբաստիոյ մէջ մեր շրջագայութեան, պիտի պարզեմ այս պատահարին անդրադառնալուս հիմնական շարժառիթը՝ կապելով զայն ներազգային ճակատի վրայ վերջերս մեր ապրած իրավիճակին:
Շրջելով Սեբաստիոյ թաղերով՝ անցանք հայկական հին շուկայէն, ուր կարելի էր հանդիպիլ հայկական հետքերու եւ արձանագրութիւններու: Կանգ առինք սեբաստացի հայ ակնոցավաճառի մը մօտ, շուկային մուտքին, ուր հիւրասիրուեցանք: Ան բաւական սահուն հայերէն կը խօսէր, ուսանած էր Կոստանդնուպոլիս, բայց վերադարձած՝ իր արմատներուն, իր ծննդավայրը: Պնդեց անպայման հիւրընկալել մեզ իր տան մէջ:
Որոշ տեղեկութիւն փոխանցեց համայնքին մասին, նշելով թէ 18 հայ ընտանիքներ կ’ապրին հոն, որոնց թիւը մօտաւորապէս 75 հոգի կը հաշուէ: Անկէ ետք ուզեցինք այցելել եկեղեցին, որ կը գտնուէր զինուորական զօրաբաժինի մը մէջ: Մօտենալով պահակին, որ ազգութեամբ քիւրտ էր, փափաք յայտնեցի, թէ կ“ուզենք այցելել եկեղեցին, ան ակնյայտ ուրախութեամբ կապ հաստատեց իր ղեկավարին հետ եւ փոխանցեց անոր մեր փափաքը: Տասը վայրկեան անց ստացանք մերժողական պատասխան, յայտնելով թէ կարելի չէ մուտք գործել զինուորական տարածք: Այսպիսով աւարտեցինք Սեբաստիոյ մեր ուղեւորութիւնը եւ ճամբայ ելանք դէպի Տրապիզոն, մեծ հետաքրքրութեամբ եւ նոր ակնկալիքներով:
Վերադառնալով պատահարին անդրադառնալուս հիմնական շարժառիթին, կ’ուզեմ աւելցնել, թէ մեր կամքէն անկախ յաճախ կը յայտնուինք նման իրավիճակներու մէջ եւ կը ստիպուինք վիճելու, վիճաբանելու թուրքերու հետ, բայց նոյնիսկ երբ մեր կարծիքներն ու հարցերու հանդէպ մեր մօտեցումները տարբեր ըլլան՝ փոխադարձ յարգանքի սահմանը չենք անցնիր:
Ապա՝ ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ ու բացատրել այն իրավիճակը, որ յատկապէս կայծ առաւ Հայաստանի իշխանափոխութենէն ետք, ատելութիւն, քէն ու ոխ սփռելով ամէնուրեք, ու մեզ վերադարձնելով սովետական շրջանի պաղ պատերազմի օրերուն, երբ շարք մը հրապարակախօսներ կեանքի կոչուած էին՝ խափանելու հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները:
Այսօր Գէորգ Աբովներու շառաւիղը կը շարունակէ իր պապերուն եւ լեւոն տէր պետրոսեաններու կիսատ մնացած ազգաքանդիչ առաքելութիւնը:
Դժուար չէ գուշակել, որ այս գործը կը սնուցուի արեւմտեան ազգաքանդիչ ընկերութիւններու կողմէ, անվստահութիւն սերմանելով՝ ծառայելու ազգերու կործանման իրենց նպատակներուն, ի խնդիր կլոպալիզմի գաղափարախօսութեան իրականացման:
Թերեւս միլիառ տոլարներ կը ծախսուին՝ լրատուամիջոցներով խեղաթիւրելու իրականութիւնները եւ ապատեղեկատուութեան հնարքներով իրագործելու իրենց մութ ծրագիրները:
Անհրաժեշտ է զգոյշ ըլլալ եւ լաւատեղեակ՝ իրադարձութիւններէն, չտարուիլ նենգամիտ անձնաւորութիւններէ, ազգակործան ծրագիրներէ եւ ոսկիով ծախուող խաբուսիկ ու կործանարար ոսկեզօծ երազներէ: