ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը սննդեղէնի 1000 տուփ կը յատկացնէ «Քորոնա»ի Լիբանանի Ճգնաժամային Շտապին

Իր պատմութեան երկրորդ հարիւրամեակը թեւակոխած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, սկաուտական եւ մարզական միութիւն մը ըլլալու կողքին, իր հարազատ ժողովուրդին տագնապներով ապրող միութիւն մըն է։ Ժողովուրդէն ծնած՝ ժողովուրդին համար գործող այս միութիւնը «Միշտ պատրաստ» սկզբունքով կը հասնի հո՛ն, ուր կարիքը կը զգացուի օժանդակութեան։

Այսօր համայն մարդկութեան հետ տագնապահար է աշխարհասփիւռ հայութիւնը։ Քորոնա ժահրին վտանգը ամէնուրեք ստեղծած է ահազանգային կացութիւն։ Այդ կացութիւնը շատ աւելի ծանրակշիռ տարողութիւն ունի ամիսներէ ի վեր տնտեսական սուր տագնապ դիմագրաւող Լիբանանի մէջ, ուր ընկերային անապահով պայմաններու մէջ ապրող մեծաթիւ հայ ընտանիքներ կը դիմագրաւեն իրենց տարրական կարիքները հոգալու, իրենց գոյութիւնն ու գոյատեւումը ապահովելու լուրջ դժուարութիւն։

Մեծ է լիբանանահայութեան ներդրումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի կազմաւորման, զարգացման եւ հզօրացման մէջ։ Լիբանանահայութիւնը եղած է ու կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգանուէր գործունէութեան անվերապահ աջակիցը։ Այսօր, երբ պայմաններու բերումով լիբանանահայութիւնը ի՛նք աջակցութեան կարիքը ունի, փոխադարձութեան կարգով եւ երախտապարտութեան մօտեցումով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը անհրաժեշտ կը զգայ իր մասնակցութիւնը բերել լիբանանահայութեան ցաւերը ամոքելու աշխատանքին։

Առ այդ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական նուիրատուի մը ազնիւ բարերարութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Ս. Զատկուան տօնին նախօրեակին, սննդեղէնի 1000 տուփ կը յատկացնէ Քորոնայի Լիբանանի Ճգնաժամային Շտապին, որպէսզի յարմարագոյն ձեւով զանոնք բաժնէ կարիքաւոր հայ ընտանիքներու՝ առիթը ընծայելով, որ անոնք չզրկուին տօնական սեղաններ ունենալու բնական իրաւունքէն եւ բերկրանքէն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան այս նախաձեռնութեան գործնականացման կը նպաստէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանը, որուն կամաւոր անդամները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նպաստաբաշխումի աշխատանքին։

Պէյրութ, 7 Ապրիլ 2020

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.