Գերեվարուած հայ քաղաքացին մահացած է – «Առաջին դէպքը չէ, որ հայ գիւղացիին Ատրպէյճանի մէջ կը սպանեն». ԱԳՆ վարչութեան պետ
\n
\n
Արմէնփրէս – Օգոստոս 8-ին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ օգոստոսի 7-ին Թովուզի Աղբուլաղ գիւղին մօտ գերի ինկած Տաւուշի շրջանի Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանն օգոստոսի 8-ի առաւօտեան «յանկարծակի անյայտ պատճառնով մահացած է»:
\n
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան պետի պաշտօնակատար Տիգրան Մկրտչեանը միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է դատապարտել ատրպէյճանական հակամարդկային գործելակերպը: «Առաջին դէպքը չէ, որ սահմանը անցած հայ գիւղացուն Ատրպէյճանում սպանում են: Բարբարոսութիւնը սահմաններ չի ճանաչում»։
\n
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան` նախնական տուեալներով` Պետրոսեանի մահուան պատճառը «սիրտ-թոքային խիստ անբաւարարութիւնն է»:
\n
Յիշեցնենք, որ 2010 սեպտեմբերի 11-ին Գեղարքունիքի մարզի Թթուջուր գիւղի բնակիչ քսանամեայ Մանուէլ Սարիբէկեանը գերեւարուած էր. հոկտեմբերի 5-ին յայտնի դարձաւ, որ ան մահաց՚ած է բանտին մէջ՝ Պաքու։ Սարիբէկեանի դիակը Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնուած էր նոյեմբեր 4-ին՝ փոխարէնը Ատրպէյճանին յանձնուած է Ատրպէյճանի քաղաքացի Էլտար Թաղիևը։ Հայաստանի մէջ կատարուած բժշկական հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ Սարիբէկեանը ենթարկուած է կտտանքներու:
\n
Իսկ 2014-ի յունուար 28-ին Վերին Կարմիր աղբիւր գիւղի բնակիչ 77-ամեայ Մամիկոն Խոջոեանը դոյլը ձեռքին հատել էր հայ-ատրպէյճանական սահմանն ու գերեւարուած: Ատրպէյճանական կողմը ծերունիին յայտարարեց լրտես-ահաբեկիչ։ Խոջոեանը հայկական կողմին յանձնուեցաւ մարտ 4-ին. մարմնին եւ դէմքին կային բազմաթիւ վնասուածքներ: Բանտին մէջ գերութեան շրջանին իրեն նոյնիսկ պէնզին ներարկած են։ Մամիկոն Խոջոեանը իր չկարողացաւ ապաքինիլ եւ մայիս 20-ին կնքեց մահկանացուն:
\n