Հայերէնը Պաշտօնական Լեզու՝ Հիւսիսային Իրաքի Մէջ
- (0)
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար իշխանութեանց ղեկավար Մասուտ Պարզանի ստորագրած է պաշտօնական լեզուի մասին օրինագիծ մը, ըստ որուն՝ թիւրքմէներէնը, ասորերէնն ու հայերէնը, քրտերէնին եւ արաբերէնին կողքին, դարձած են պաշտօնական լեզուներ:
\n Ըստ «Ներինազատ»ի՝ պաշտօնական լեզուի վերաբերեալ այս օրինագիծը քրտական խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած էր Հոկտեմբեր 29ին, իսկ Նոյեմբեր 20ին ներկայացուած նախագահ Պարզանիին:
\n Օրինագիծը օրէնքի ուժ պիտի ստանայ, երբ վաւերացուի կառավարութեան կողմէ:\n
