Աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ գործող ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւնները հանդէս եկած են Հայաստանի երիտասարդական-ուսանողական շարժման միանալու յայտարարութիւններով։
Միութիւնները միացած են ԿԳՄՍ նախարարի հրաժարականի պահանջին եւ իրենց զօրակցութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած ուսանողական շարժման:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութիւնն ու «Շանթ» ուսանողական միութիւնը, Լիբանանի Երիտասարդական միութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւնը, ՀՅԴ Սուրիոյ երիտասարդական միութիւնը, ՀՅԴ Երուսաղէմի երիտասարդական միութիւնը, ՀՅԴ Շուէտի երիտասարդական միութիւնը, ՀՅԴ Պելճիքայի երիտասարդական միութիւնը , ՀՅԴ Ֆրանսայի երիտասարդական կազմակերպութիւնը, ` յայտարարութիւններով եւ տեսաուղերձներով կը պահանջեն նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը։