ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ամառնային ճամբարը կը թեւակոխէ իր չորրորդ տարին

\n

\n

Յուլիս 21-ին,  ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպութեամբ սկիզբ առաւ Վանաձորի ճամբարը։ 2011-էն ի վեր գործող ամառնային ճամբարին կը մասնակցին 10-14 տարեկան վանաձորի բնակիչ երեխաներ։

\n

2014-ի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ խաղեր, ձեռային աշխատանքներ, պատմութեան դասաւանդում, երգեցողութիւն եւ անգլերէնի դասեր

\n

Վանանձորի ամառնային ճամբարը այս տարի պիտի ղեկավարեն ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան 8 վարիչներ

\n

Այս տարի ճամբարին արձանագրուած երեխաներուն թիւը բարձրացած է 230-ի։ Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ ԳԵՄ-ը կը հոգայ երեխաներուն առօրեայ սնունդի մատակարարումը։ 

\n

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.