ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամները մեկնեցան Հայաստան

\n

\n

Յուլիս 15-ին, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամ 23 պատանիներ եւ 6 վարիչներ Թորոնթոյէն մեկնեցան Հայաստան, Երկու շաբաթներու վրայ երկարող իրենց տարեկան շրջապտոյտը կատարելու։

\n

Շրջապտոյտի ընթացքին պատանիները պիտի այցելեն Հայաստանի պատմական տեսարժան վայրերը։ Խումբը երեք օրով պիտի հանգրուանէ նաեւ Արցախ։

\n

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնը կը գործէ 1956-էն ի վեր։ Միութիւնը մասնաճիւղեր ունի Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Համիլթընի, Ս. Գաթրինզի եւ Վանգուվըրի մէջ։ 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.