Արցախ Տարբեր Ձեռնարկներով Նշեց Անկախութեան 28րդ Տարեդարձը
Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 28րդ տարեդարձին առիթով, 2 Սեպտեմբերին, ամբողջ օրուան ընթացքին տեղի ունեցան տարբեր ձեռնարկներ, ցուցահանդէս, քայլարշաւ, պաշտօնական հանդիսութիւն եւ փառատօն։
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, Արցախի ու Հայաստանի պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան այրերու մասնակցութեամբ, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն հազարաւոր քաղաքացիներ քայլարշաւով ուղղուեցան Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրը:
Նախագահ Սահակեան Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղեց Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու, Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն վրայ:
Ձեռնարկներուն մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներկայացուցիչներ Սփիւռքէն եւ հիւրեր արտերկրէն:
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ ռազմական համակարգի եւ սպառազինութեան ցուցահանդէս: Նախագահ Բակօ Սահակեան՝ պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ այցելած է տաղաւարներ եւ ծանօթացած ցուցադրուած արտադրութեան, որոնց մէջ կային նոր զինատեսակներ՝ տեղական արտադրութեամբ։
Կարէն Աբրահամեան «Արցախ-փրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ցուցահանդէսին նպատակն է բանակին գործածած զէնքերէն նմուշներ ներկայացնել հանրութեան, ինչպէս նաեւ ծանօթացնել տեղական արտադրութեան։ »Սեփական արտադրութեան նոր զինանմուշները կը յագեցնեն առաջնագիծը եւ կը բարձրացնեն զօրքի կենսունակութիւնը: Սպառազինութեան տեսակներից որոշներն արդէն իսկ անցել են զօրային փորձարկում, որոշներն էլ դեռ փորձարկման մէջ են: Մեր սպաներն ու զինուորները գոհ են այն տեսակներից, որոնք կիրառւում են գործնականում: Միանշանակ է, որ առաջիկայում մեր բանակը համալրուելու է արդիականացուած սպառազինութեամբ եւ նոր զինտեխնիկայով«, նշեց Կ. Աբրահամեան:
2 Սեպտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ տօնական համերգ՝ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ մեծաթիւ հայորդիներու ներկայութեան։ Համերգին մասնակցեցան »Մարաթուկ« ազգագրական երգի ու պարի, Արցախի պարի պետական համոյթները, ինչպէս նաեւ երգիչներ Շուշան Պետրոսեան, Գէորգ Հաճեան, Գարիկ Պապոյեան եւ Սոնա Ռուբէնեան: