Նորայր Սերէնկիւլեան Գանատայի յառաջիկայ դաշնակցային ընտրութեանց թեկնածու
\n
\n
Յուլիս ամսուան սկիզբը, Նորայր Սերէնկիւլեան պաշտօնապէս յայտարարեց Գանատայի 2015-ի դաշնակցային ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը: Նորայր պիտի ներկայանայ իբրեւ Մոնթրէալի Ահունցիք-Գարթիէվիլ ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու: Նշենք, որ Ազատական կուսակցութեան նոր կանոնակարգին համաձայն, ընտրապայքարի կրնան ներկայանալ մէկէ աւելի թեկնածուներ, որոնք դաշնակցային ընտրութիւններէն առաջ նախընտրական քուէարկութեան կը մասնակցին ու վերջնական թեկնածու կ՚ընտրուի մեծագոյն քուէ շահող թեկնածուն: Ահունցիք-Գարթիէվիլի մէջ Նորայի կողքին կան 6 այլ Ազատական կուսակցութեան անդամ թեկնածուներ:
\n
Յուլիս 4-ին, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Նորայր Սերէնկիւլեանին, բարձր գնահատելով անոր երկու տասնամեակներու վրայ երկարող ծառայութիւնները իր համայնքին:
\n
Նկարը՝ Աջին Նորայր Սերէնկիւլեան Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Ժասթին Թրուտոյի հետ։
\n