Թրքական կայքէջը կ՚անդրադառանայ Վանի հայկական եկեղեցիներու անմխիթար վիճակին մասին
\n
\n
Կտուց կղզիի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին
\n
Թրքական «Հապէր եորում» կայքէջը հրապարակած է յօդուած մը, ուր կ՚անդրադառնայ Վանի մէջ աւերակ դարձած հայկական պատմական եկեղեցիներու անմխիթար վիճակին: Յօդուածը ստորագրած են Էօմէր Ֆարուք եւ Շէհրիվան Էօզէլ, ուր կը կարդանք հետեւեալը. «Վանի չորս կողմը կը գտնուին պատմական եկեղեցիներ, որոնք հայերու կը պատկանէին եւ որոնց հիմնարկութեանթուականըկը նշուի իններորդ դար: Այս եկեղեցիներուն վիճակը աղէտալի է:
\n
Անհրաժեշտ է, որ իշխանութիւնները տէր կանգնին պատմական արժէքներուն: Ինչպէս բոլոր նահանգները, Վանն ալ պատմական ինքնութիւն մը ունի, բայց այդ ինքնութիւնը յաճախ մոռացութեան կը տրուի: Զբօսաշրջական տեսակէտէ Վանիաչքին լոյսը կը նկատուին Կէվաշի Ալթընսաչ գիւղի մէջ Ս. Թովմաս վանքը, Չարփանաք կղզիի վրայ Կտուց վանքը, Էրէք լերան վրայ Եօթը եկեղեցիներ կոչուած եկեղեցիները: Բոլորն ալ անտարբերութեան եւ խնամքի պակասի հետեւանքով փճացած եւ փլուզումի ենթակայ են:
\n
\n
\n
Ս. Թովմասի վանքը
Չարփանաքի մէջ գտնուող եկեղեցւոյ պատերուն վրայի արձանագրութիւնները ամօթալի վիճակ կը պարզեն: Այս եկեղեցին կառուցուած է հաւանաբար 10-րդ կամ 11-րդ դարուն: Բայց այս փառաւոր կառոյցըհիմահոգեվարքի մէջ է:Գանձփնտռողները ցիրուցանըրած են հայերու գերեզմանաքարերը: Եկեղեցիները նորոգելու մասին մտածող չկայ: Չարփանաք կղզիի վրայ գտնուող եւ 9-րդ դարէն մնացած Կտուց եկեղեցիին ալ վիճակը ցաւալի է: Ճայերու երամները մեծ վնաս հասցուցած են այս եկեղեցւոյ ներքին պատերուն: Տեսարանը պղծուած է՝ տեղացի ժողովուրդին կողմէ պատերուն վրայ գրուած գրութիւններուն հետեւանքով: Նոյն ճակատագիրը կը բաժնեն Եօթը եկեղեցիներ կոչուած եկեղեցիները (ՎարագայՎանք): Այս եկեղեցիներն ալ կը սպասեն, որ մէկը հետաքրքրուի անոնցմով եւ զանոնք վերականգնէ իրենց երբեմնի փառքին: Եկեղեցիները ներկայիս ծայր աստիճան անխնամ վիճակի մէջ են»:
\n