Սուրիացի Գաղթականները Պիտի Կազմեն Լիբանանի Բնակչութեան Մէկ Երրորդը
\n
\n
«Ռոյթըրզ»-ի լրագրող Սիլիվիա Ուեսթալ կը գրէ, որ Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպես յայտնած է, որ մինչ Լիբանան ապաստանող սուրիացի գաղթականներուն թիւը աճ կ՚արձանագրէ՝ Լիբանան քաղաքական եւ տնտեսական քայքայման վտանգը կը դիմագրաւէ։
Ըստ Տըրպեսի, կը նախատեսուի, որ այս տարուան վերջաւորութեան սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասնի 1.5 միլիոնի, ինչ որ ծանր բեռ մըն է 4 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրին համար։
Ան ըսաւ, որ 2012-էն 2014 Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն փախուստ տուող գաղթականներու հոսքը արդէն իսկ դիւրաբեկ եղող լիբանանեան տնտեսութեան 7.5 միլիառ տոլարի վնաս պատճառած է։ Մասնաւորաբար ճնշումի տակ են սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող սահմանամերձ լիբանանեան համայնքները ցած աշխատավարձով աշխատելու պատրաստակամ եղող մարդոց թիւի աճին պատճառով։
Նախարարը յայտնեց, որ գործազրկութիւնը կրկնապատկուած է, մասնաւորաբար մեծամասնութեամբ աղքատ շրջաններու մէջ ոչ մասնագիտացած աշխատաւորներու մօտ՝ զգուշացնելով, որ գաղթականներու տագնապը կը սպառնայ Լիբանանը տնտեսական, քաղաքական եւ մինչեւ իսկ ապահովական քայքայումի առաջնորդելու։
Հարեւան երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ոչ միայն Լիբանանի տնտեսութեան վնաս պատճառած են, այլ նաեւ վատթարացուցած են յարանուանական լարուածութիւնները եւ բռնարարքներ հրահրած։ Լիբանան ներկայիս 1.1 միլիոն արձանագրուած սուրիացի գաղթականներ կը հիւրընկալէ։ Ըստ ՄԱԿ-ին, Լիբանան Միջին Արեւելքի մէջ սուրիացի գաղթականներուն 38 առ հարիւրը կը հիւրընկալէ, ինչ որ տարածաշրջանին մէջ բարձրագոյն համեմատութիւնն է։
Լիբանանի մէջ բնակող սուրիացիներու կէսէն աւելին մանուկներ են, իսկ անոնց մեծամասնութիւնը դպրոց չեն յաճախեր։ Սուրիացի կիներն ու մանուկները յաճախ Պէյրութի կարգ մը փողոցներուն մէջ մուրացկանութիւն կը կատարեն, եւ մինչ կարգ մը գաղթականներ տուներ վարձած են, ուրիշներ կը բնակին կառատուներու եւ լքեալ շէնքերու մէջ։
ՄԱԿ-ի գնահատումով Լիբանան այս տարի մարդասիրական կացութեան դիմակայման համար 1.6 միլիառ տոլար ֆինանսաւորման կը կարօտի, սակայն առայժմ այդ գումարին միայն 23 առ հարիւրը գոյացած է։
ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գործակալութեան (UNHCR) ներկայացուցիչ Նինէթ Քելլի կը յայտնէ, որ ֆինանսաւորման ներկայ դրութեամբ՝ մարդասիրական օժանդակութեան գործակալութիւնները պիտի չկարենան 172 հազար գաղթական մանուկներ յառաջիկայ տարի լիբանանեան դպրոցներու մէջ արձանագրելու նպատակը իրագործել։
Ան կիսամեայ աշխատանքի գնահատման հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ իրենք անկարող եղած են 5 տարեկանէն վար եղող բոլոր մանուկները պատուաստել, եւ 800 հազար գաղթականներ յառաջիկայ ձմրան պատսպարուած պիտի չըլլան։
UNHCR յայտնած է, որ ամսական 100 հազար գաղթականներ դրացի երկիրներ կ՚ապաստանին, թէեւ այդ հոսքը վերջին ամիսներուն մասամբ մեղմացած է։
Ըստ նոր նախատեսութեան, 2014-ի վերջաւորութեան ատարածաշրջանին մէջ 3.6 միլիոն սուրիացի գաղթականներ պիտի ըլլան։ Ներկայիս այդ թիւը 2.9 միլիոն է։ Լիբանանէն բացի, սուրիացիները ապաստանած են Թուրքիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի մէջ։
\n