Լոս Անճելոսի Ատրպէյճանի հիւպատոս Ակայեւ կը գանգատի Քալիֆորնիայի հայկական լոպպիյէն եւ ՀՅԴ-էն
\n
\n
«Մարմարա».- Ատրպէյճանի Լոս Անճէլըսի Աւագ Հիւպատոսը՝ Նասիմի Ակայեւ յայտնեց թէ Ատրպէյճան ծրագրած է Գալիֆորնիոյ մէջ ներկայացուցչատուն մը բանալ, բայց միւս կողմէ կը նկատէ որ Հայկական լոպին Ատրպէյճանի Ամերիկայի մէջ ունեցած ազդու ներկայութենէն եւ յաջողութիւններէն նախանձիլ սկսած է։
Ակայեւ այս առիթով շեշտեց որ Գալիֆորնիոյ մէջ կը բնակին մօտաւորապէս մէկ միլիոն Հայեր, որոնք Հայկական Սփիւռքին քաղաքական, տնտեսական եւ վարչական կեանքին մէջ ունին ազդու դեր։ Ակայեւ յիշեցուց որ Գալիֆորնիոյ 1983-1991 թուականներու կուսակալը Հայ մը եղած է։ Այսօր Գալիֆորնիոյ Նահանգային Քոնկրէսի մէջ երկու, Լոս Անճէլըսի Քաղաքապետական Խորհուրդին մէջ մէկ Հայ անդամ կը պաշտօնավարեն։ Հայեր նահանգի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ ալ վարչական մակարդակներու վրայ կարեւոր դիրքեր կը գրաւեն։
Այս իրողութիւնները շեշտելէ ետք, Ակայեւ անդրադարձաւ Հայկական լոպիի կողմէ իրենց դէմ շղթայազերծուած թշնամական գործունէութիւններուն։ Ան յայտնեց, թէ Դաշնակցականները Ատրպէյճանի դէմ գործունէութիւն ծաւալած են։ «Պէտք է ըսեմ որ անոնք Ատրպէյճանի յաջողութիւններէն կը նախանձին։ Դաշնակցական խմբակներ բազմաթիւ անգամներ մեր կազմակերպած գործունէութիւնները արգիլել ջանացին։ Ան նաեւ յայտնեց, որ հայեր անցնող Յունուարին Ատրպէյճանի դէմ Գալիֆորնիոյ Նահանգային Քոնկրէսին օրինագիծ մը ներկայացուցին։ Հայկական լոպին այս օրինագծի վաւերացումին համար ամէն ինչ ըրաւ։ Ատրպէյճան ալ իր կարգին բուռն բողոք ներկայացուց եւ այս օրինագծին դէմ հակաքարոզչական շարժում ստեղծեց։
Ակայեւ յայտնեց նաեւ թէ հայկական արմատական կազմակերպութիւններ հայերէ դրամ կը հաւաքեն Հայաստանի ի նպաստ։ «Անոնք դրամահաւաքումի իրենց ձեռնարկները կը ներկայացնեն որպէս մահու-կենաց խնդիր։ Ատկէ զատ հեռատեսիլներէն ալ նուիրատուութիւններ հաւաքելու արշաւներ կը կազմակերպեն Հայաստանին օգնելու նպատակով։ Միայն թէ այդ դրամին մեծ մասը Հայաստանի կառավարիչներու ապօրինութեան շրջանակին մէջ կը կորսուի։ Կառավարութեան մէջ պաշտօն ունեցող անձերը «միաձայնութեամբ» կ՚իւրացնեն այդ դրամները։ Ասիկա երկար ատենէ ի վեր կը շարունակուի։ Ասոր ամէնէն մեծ վնասն ալ կը կրեն Ամերիկահայերն ու Հայաստանի աղքատ ժողովուրդը» ըսաւ Ակայեւ։
\n