Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մրցի Հուփսի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 17:30-ին:
Ցարդ յաջորդական յաղթանակներով պսակուած իր վեց մրցումներով ՀՄԸՄ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:
Իսկ Հուփս, որ ցարդ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ պարտուած է եւ յաղթանակի համը չէ ճաշակած այս տարեշրջանին, կը գրաւէ վերջին դիրքը:
Սակայն հակառակ այս իրողութեան, ՀՄԸՄ այսօրուան իր մրցումը պէտք է կատարէ առանց անտեսելու մրցակից կազմը: Անիկա մրցումը պէտք է կատարէ այնպէս, ինչպէս կը կատարէր իր նախորդ մրցակիցներուն դէմ:
Նշենք, որ 7-րդ հանգրուանը սկսաւ նախանցեալ օր, երբ Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Թատամոնը:
Նախքան մրցումին սկսիլը, յարգուեցաւ յիշատակը երեք անձերու` Էլիաս Ուարտինիի, Ռիթա Շամիի եւ Հայքալ Մսալլեմի, որոնք երեք օր առաջ Պոլսոյ ահաբեկչական յարձակումին զոհ գացին:
Սաժես արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, երբ 2 կէտի տարբերութեամբ` 86-84 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Թերել Սթոկլին նշանակեց 45 կէտ, մինչ Իրվըն Մորիս (Թատամոն)` 28 կէտ: