Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պիպլոս


Հուփսի 6-րդ Պարտութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ, որ Մանարայի մէջ հիւրընկալեց Հուփսը, 100-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (26-12, 52-34, 73-47 եւ 100-73):

Մինչ Ռիատի իր մարզիչին` Ահմետ Ֆարրանի հետ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, անդին Հուփս կրեց իր վեցերորդ յաջորդական պարտութիւնը եւ ցարդ կը մնայ առանց յաղթանակի:

Այս հանգրուանը կը շարունակուի այսօր եւ վաղը, երբ տեղի կ՛ունենան մէկական մրցումներ:

Այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պիպլոսը:

Ինչպէս բոլորին ծանօթ է, ՀՄԸՄ միակ խումբն ըլլալով իր կատարած հինգ մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է:

Կ՛ակնկալուի, որ այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկները արձանագրեն իրենց վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.