Ատրպէյճանի Բանակը՝ Թուրքիոյ Բանակի Գուրգուրանքին Առարկայ
1541
0
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Հրապարակ».- «Մօտէն կը հետեւինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեղի ունեցող դէպքերուն», «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան ըսած է Թուրքիոյ զինուորական ուժերու սպայակոյտի պետ Նեճտեթ Էօզել, ըստ «Ազատութիւն» կայանին։
\n «Մեր սիրտը կը ցաւի ատրպէյճանական բանակի զոհուած զինուորներուն համար: Ես կ՛աղօթեմ մեր նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար: Մեր «Կիւլխանէ» ռազմաբժշկական ակադեմիան ուղարկուած վիրաւորները բժիշկներու մնայուն հսկողութեան տակ են: Մենք, ըստ անհրաժեշտութեան, կը խորհրդակցինք Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին հետ», աւելցուցած է ան:\n