Արձակազէններու Հաւաքներ՝ Ստուգելու Անոնց Պատրաստուածութեան Մակարդակը

 

Զինուած ուժերու պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն՝ այս օրերուն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան 5րդ բանակային զօրամիաւորման ուսումնական կեդրոնին մէջ տեղի կ՛ունենան զօրամիաւորման ենթակայ զօրամասերու արձակազէններու հաւաքներ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ հաւաքներու ուսումնական նպատակներն են՝ ստուգել արձակազէններու պատրաստուածութեան մակարդակը, տեղւոյն վրայ կողմնորոշուելու եւ քողարկուելու անոնց ունակութիւններն ու հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ կրակային պատրաստուածութեան վիճակը։

Հաւաքներու ծիրին մէջ կազմակերպուած տեսական եւ գործնական դասընթացքներուն, զօրամասերու արձակազէնները ցուցաբերած են բարձր պատրաստուածութիւն, իսկ կրակային պատրաստութեան պարագային արձանագրուած են միայն լաւ եւ գերազանց գնահատականներ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.