ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեան պարգեւատրուեցան

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25րդ տարեդարձին առիթով, հանրապետութեան նախագահը պետականութեան կայացման, պաշտպանունակութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման, իրաւակարգի եւ օրինականութեան պահպանման, տնտեսութեան զարգացման, հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ հայապահպանման գործին մէջ ներդրած աւանդի, գիտութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի եւ արուեստի մարզերուն մէջ ձեռք բերած ակնառու յաջողութիւններու համար խումբ մը անձերու պարգեւատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւներով՝ շքանշաններով եւ մետալներով, շնորհեցան նաեւ պատուաւոր եւ զինուորական կոչումներ:

Տարբեր մարզերու մէջ ակնառու յաջողութիւններու հասած յիշեալ անձերուն նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 Սեպտեմբերին,  նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին յանձնեց պետական բարձր պարգեւները: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց բոլոր պարգեւատրուածները եւ մաղթեց յաջողութիւններ:

Պարգեւներու արժանացան նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.