«Հայրենիքը Միայն Կռուելով Չեն Պաշտպաներ, Այլեւ` Այնտեղ Ապրելով». Բերձորի Անդրանիկ
- (0)
Իսկական հերոսները չեն խօսիր, կը խուսափին խօսելու իրենց գործած սխրանքներուն մասին, իսկական կռուողները միայն կը կռուին, իսկական հայրենասէրները ամպագոռգոռ խօսքեր չեն ըսեր Հայրենիքի մասին. անոնք պարզապէս կ’ապրին Հայրենիքի մէջ, Հայրենիքի համար եւ հարկ եղած պարագային` կը պաշտպանեն իրենց տան սահմանները:
Անոնցմէ մէկն ալ Սուրիա ծնած, Լիբանան ապրած եւ Արցախ հաստատուած Անդրանիկ Չաւուշեանն է` Բերձորի Անդրանիկը, որուն հետ զրուցելուս հիացայ անոր համեստութեամբ, զսպուածութեամբ, իսկական հայրենասէրին բնորոշ պատրաստակամ մարտունակութեամբ եւ աննահանջ ոգով ու կամքի գերհզօր դրսեւորման յամառութեամբ, որով ալ ան, մարտի դաշտէն դուրս, նաեւ կռիւ կու տայ Արցախի մէջ իրեն բաժին հասած հողակտորին հետ:
«Չեմ սիրեր խօսիլ ապրիլեան պատերազմի օրերուն իմ եւ ընկերներուս կատարած գործողութիւններուն մասին, որովհետեւ ատիկա մեր բոլորին պարտքն է. Հայրենիքը բոլորինն է: Ծնած ու մեծցած եմ Սուրիա, մինչեւ պատանեկան տարիքս ապրած եմ իմ ծննդավայրիս մէջ, յետագային` տեղափոխուած Պէյրութ, երկու տարի առաջ եկած եմ Երեւան, անուհետեւ մեկնած Արցախ ու հաստատուած այնտեղ: Մինչ այդ բարեսիրական գործերով եկած ենք Արցախ եւ մտածած եմ` ինչու՞ ոչ, պէ՛տք է գամ ու բնակիմ հէ՛նց Արցախի մէջ: Հայրենիքը միայն կռուելով չեն պաշտպաներ, այլեւ` այնտեղ ապրելով: Պէյրութի մէջ ես «Արցախ» հիմնադրամի անդամ էի, Քաշաթաղի վերաբնակեցման ծրագիրը կ’ընէինք: Ինծի համար կարեւոր չէր , թէ ուր պէտք է ապրիմ Հայաստանի ու Արցախի մէջ. ինծի համար բոլոր քաղաքները, մարզերն ու գիւղերը հարազատ են, Հայրենի՛ք են. ուր` հայ, այնտեղ ալ` ես, եթէ իմ ժողովուրդս վատ կ’ապրի , ուրեմն ` ես ալ վատ կ’ապրիմ, եթէ լաւ կ’ապրի, ես ալ լաւ կ’ապրիմ: Կինս հայաստանցի է, ղարաբաղցի. Հայաստանի մէջ ամուսնացանք, մէկ տարի կնոջս հետ ապրեցանք Պէյրութ, յետոյ եկանք Հայաստան ու գացինք Արցախ:Հրաշալի բնութիւն, հրաշալի մարդիկ, ասիկա՛ ես տեսած եմ Արցախի մէջ: Քու հայրենիքիդ որ տարածքին մէջ ալ , որ ապրիս, պէտք է պայքարիս` պահպանելու հայկական ինքնութիւնդ, աւանդոյթները, մշակոյթը: 12 տարիէն աւելի ծառայած եմ եկեղեցւոյ մէջ, եղած եմ սկաուտական շարժման շարքերուն. ուր հայ համայնքէն ներս կարիք կար աշխուժացնելու աշխատանքները, մենք այդտեղ էինք: Հայաստանի, Արցախի ժողովուրդը աւելի գործնական է, եւ ստիպուած են ըլլալու այդպիսին` շրջապատուած ըլլալլով թշնամի երկիրներով: Մէկ տարի եւ 4 ամիս է, որ ընտանիքիս հետ Արցախի մէջ եմ` Բերձոր. աղջիկ մը ունիմ` Քնարիկս, միւսն ալ` Աւետիս որդիս (հօրս անունով կոչած ենք) ծնաւ, երբ ես դիրքերու մէջ էի. Կ’ուզէին տղաները ինծի համոզել, որ երթամ, սակայն չգացի, չէի կրնար ձգել ընկերներս ու դիրքերը, եւ այդ ժամանակ առաւել եւս պարտաւորուած էի մնալու առաջնագիծին վրայ. ես կը պաշտպանէի նաեւ իմ որդիս ու անոր Հայրենիքը: Մինչեւ դիրքեր երթալս ալ իմ տնեցիներս, ծանօթներս ինծի կը համոզէին չերթալ, քանի որ երեխայի ծնելուն շատ քիչ մնացած էր, սակայն ես չէի կրնար մնալ տունը ու համբերել, երբ առաջնագիծին ջահել զիւորներ կը զոհուէին, երբ նենգ թշնամին նշանառութեան տակ առած էր մեր սահմաններն ու մեր գիւղերը: Խումբ կազմուեցաւ. եթէ չկազմուէր ալ, միեւնոյնն է, ես որոշած էի երթալ անհատապէս` ոտքով, իմ մեքենայով …ինչպէս պատահէր: Ռազմական փորձառութիւն ունիմ, որովհետեւ 2,5 տարի ծառայած եմ լիբանանեան բանակին մէջ: Պէյրութ պատերազմ տեսած երկիր է, ես ալ, ըլլալով այնտեղի բնակիչ, բոլորին նման զէնք ունէի, միշտ պատրաստ` պաշտպանելու ընտանիքս, տունս: Արցախի մէջ, առաջնագիծ երթալուս, միայն կը մտածէի կռուելու եւ յաղթելու մասին. մեր բոլոր տղաները այդպէս տրամադրուած էին. մենք նապաստակ չենք, որ փախչինք: Եթէ ազերիներուն կողմէ առաջին շարքերուն մէջ կը կռուէին տարիքով վարձկան մարդասպաններ, որոնց բթացած ուղեղներուն մէջ միայն մէկ ծրագիր տեղադրուած էր` սպաննել, ոչնչացնել գազանաբար, ապա մեր առաջնագիծին վրայ ջահել ու հայրենասէր զինուորներ էին, որոնք կը պայքարէին հարազատ երկրի սահմաններու անառիկութեան, հայրենի հողին համար: Դիրքերուն մէջ հայրենասիրական երգեր կ’երգէինք. Ատիկա աւելի կ’ոգեւորէր բոլորս: Իմանալով, որ ես Սփիւռքէն տեղափոխուած եմ, բոլորը ինծի կ’ըսէին` կեցցէս….ես կը վիրաւորուիմ, ես այս հողին ու ջուրին մարդը կը համարեմ ինքզինքս, ես հայ եմ , ի՞նչ կապ ունի, թէ ուրկէ եկած եմ, ես Արցախի բնակիչ եմ եւ կը պաշտպանեմ իմ տունս ու ընտանիքս, այն հողը, որ կը մշակեմ իմ ձեռքերովս:
Այս օրերուն տունն եմ, կը վայելեմ ընտանիքիս, բալիկներուս ջերմութիւնը, հող կը մշակեմ…դուք կը հարցնէք, թէ պատերազմը վերսկսելու պարագային դարձեա՞լ կ’երթամ առաջնագիծ….(Անդրանիկը կը ժպտի) ի հարկէ՛, անկասկա՛ծ, ես պատրաստ եմ. չէ՞ որ սահմանէն այս կողմ իմ ժողովուրդս է, իմ ընտանիքս, մեր ապագան, Քնարիկ դուստրիկս ու Աւետիս որդիս: Իմ նշանաբանս է` քիչ խօսիլ, շատ գործ ընել»:
Մեր խմբագրասենեակին մէջ դեռ երկար շարունակեցինք զրուցել Բերձորի Անդրանիկին հետ, հարցեր տալ անոր եւ, այնուամենայնիւ, անոր բոլոր արտայայտութիւններն ու նախադասութիւնները բեւեռուած էին Հայրենիքի շուրջ:
Կարինէ Աւագեան
