Բակօ Սահակեան Ընդունած է ՀՅԴ Ներկայացուցիչները

 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 18-ին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեանը:

Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` հանդիպման, որուն մասնակցած են ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը եւ ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, արծարծուած են Արցախի Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.