ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի կոչը հայութեան
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Սուրէն Համբարեան Շուշիի ազատագրման օրը, դիմատետրի իր հայրենակիցներուն յղած է հետեւեալ կոչն ու բաց նամակը.
Սիրելի հայրենակիցներ‚
Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը իրենց հարստութիւնն ու ուժը կ՚օգտագործեն մեր պատմութեան մասին ստելու‚ մեր հայրենիքը պարտութեան մատնելու եւ մեր ապագան քանդելու համար։
Անոնց շղթայազերծած յարձակումը բոլորիս դէմ է։
Ոչ միայն Սփիւռքի‚ Հայաստանի կամ Արցախի մէջ գտնուողներուն դէմ։
Անոնք իւրաքանչիւրս ու բոլոր հայերը թիրախ ընտրած են։ Զիս եւ քեզ։ Մեր քոյրերն ու եղբայրները։ Երիտասարդն ու տարեձը։
Բոլոր կումակցութիւններու անդամներն ու քաղաքական ամէն տեսակէտ ունեցողները։
Աշխարհի բոլոր ծագերէն՝ Հայաստանէն‚ Արցախէն‚ Ջաւախքէն մինչեւ Ամերիկա‚ Եւրոպա‚ Ռուսիա եւ Միջին Արեւելք։
Առանց բացառութեան։
Ճիշդ 1915-ին նման։ Ճիշդ 1988-ի նման։
Անոնց կատարածը արդիական‚ բազմամիլիոն տոլարի արշաւ մըն է Ցեղասպանութեան արարքը իր աւարտին հասցնելու համար։
Անոնց զէնքերը փոխուած են‚ սակայն ոչ նպատակները։ Անոնք իրենց նախահայրերուն նման կը ձգտին՝
Գրաւելու Արցախը։
Ամայացնելու մեր հայրենիքը։
Եւ քանդելու մեր սփիւռքը։
Անոնք ընդարձակ աղբիւրներ ունին եւ ոչինչ կը խնայեն։
Մենք անոնց կառավարական եկամուտները կամ քարիւղէն գոյացած տոլարները չունինք‚ սակայն ունինք աւելի ուժեղ բան մը՝
Մեր պատիւը։
Մեր պարծանքը։
Մեր հաւատքը։
Եւ մեր կամքը։
Մեզմէ իւրաքանչիւրս մեր ազգին համար դեսպան մըն է։
Մենք՝ իւրաքանչիւր անձ‚ կին ու երեխայ մեր դատի զինուոր մըն է։ Միասնաբար‚ իբրեւ սփիւռք‚ կը ներկայացնենք հայ ազգի երկրորդ բանակը՝ իր համազօրը չունեցող միջազգային լեգէոն մը‚ որ կը պաշտպանէ իր հայրենիքը‚ կը պահպանէ իր ժառանգութիւնը եւ կը հետապնդէ իր իրաւունքները։
Ինքնութեան‚ գաղափարներու եւ ներշնջումի բանակ մը։
Իբրեւ քաղաքացի զինուորներ‚ մենք հայութեան ազատութեան սահմաններուն երկայնքին պահակ կանգնած քաջարի զինուորներու զոհողութիւնը կատարելու չենք հրաւիրուած։ Սակայն մեր դիմակայած թշնամիները վտանգաւոր են։ Մեր պայքարին գրաւները նոյնքան բարձր են։
Այս է մեր սերունդին Աւարայրը։ Մեր Սարդապատը։ Մեր Շուշին։ Խրիմեան հայրիկը Ս. Վարդանը պատուելով գրեց. «Դուն մահացար‚ եւ Հայաստանը ոտքի կանգնեցաւ»։
Նոյնն է պարագան մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար։
Բոլորս Վարդաններ ենք՝ կը պայքարինք մեր սեփական Վասպուրականին համար‚ կը մաքառինք‚ կը փնտռենք եւ զոհողութիւններ կը կատարենք աւելի լաւ վաղուան մը համար։ Ոչ միայն մեզի համար‚ այլ բոլոր մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Ոչ պարզապէս այսօրուան համար‚ այլ մեր իւրաքանչիւին վաղուան համար։
Այդ է Հայաստանի վերապրումին գինը։
Որովհետեւ‚ ինչպէս «Մեր Հայրենիք»-ը մեզի կը սորվեցնէ Ամենայն տեղ մահը մի է‚ մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի‚ բայց երանի որ իր ազգին ազատութեան կը զոհուի»։
Շատ բան փոխուած է‚ սակայն ոչ պարզ ճշմարտութիւնը։
Մեր ազգը այսօր մեզ կը կանչէ‚ ճիշդ ինչպէս դարերու ընթացքին յաճախ կատարած է։
Չարենցի բառերը մեր սրտերուն մէջ կ’արձագանգէ.
«Ով հայ ժողովուրդ‚ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։
Մեր երիտասարդութեան երգերը մեր հոգին կը փոթորկէ՝
«Զարթիր լաօ‚ Մռնիմ քզի»։
Իր զաւակը ճակատամարտի համար արթնցնող մայր մը‚ ճիշդ Մայր Հայաստանին նման‚ արցունքը աչքերուն կը կանչէ մեզ՝ զինք պաշտպանելու։
Ընդառաջենք մեր ազգին կոչին։
Մեր ժամանակուան մարտահրաւէրը դիմակայենք։
Միանանք եւ մեր իսկական ուժը ցոյց տանք։